50 Տարի Առաջ (28 Հոկտեմբեր 1964)

Քաղաքական

Ատլանտեանի Ուխտ Եւ
Բազմակողմանի Ուժ

Ընթացիկ տարուան դեկտեմբերին շատ հաւանօրէն ստորագրուի նոր համաձայնագիր մը արեւմտեան զանազան պետութիւններու միջեւ` օժտելու համար Ատլանտեան ուխտի ռազմական ուժը հիւլէական զէնքերով: Այս ձեւով Ատլանտեան ուխտը կ՛ունենայ բազմակողմանի հարուածող ուժ:

Բայց հասկնալու համար այս նոր համաձայնագրին տարողութիւնը միջազգային քաղաքական տեսակէտէ, մանաւանդ` աշխարհի խաղաղութեան կապակցաբար, անկասկած հարկ է յուզել յարակից այլ բազմաթիւ հարցեր:

Նախ ի՞նչ Ատլանտեան զինակցութիւնը:

Երկու բացատրութիւններ կը գործածուին կոչելու համար այս զինակցութիւնը` Ատլանտեանի ուխտ, կամ հիւսիսային Ատլանտեանի դաշնագրի կազմակերպութիւն (ՕԹԱՆ): Ասիկա զինուորական եւ քաղաքական դաշնակցութիւն մըն է, որ կնքուեցաւ 1949-ին` հետեւեալ երկիրներու միջեւ. Պելճիքա, Քանատա, Դանիա, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Մեծն Բրիտանիա, Իսլանտա, Իտալիա, Լիւքսամպուրկ, Նորվեկիա, Հոլանտա եւ Փորթուգալ: 1952-ին այս թիւին վրայ աւելցան Յունաստանը եւ Թուրքիան եւ 1955-ին` Արեւմտեան Գերմանիան:

Յաճախ լսուած է, որ Ատլանտեանի զինակցութիւնը վահանն է ազատ աշխարհի: Բայց այսօր այդ զինակցութիւնը ունի իր դժուարութիւնները, որովհետեւ զինակիցները կը հետապնդեն իրենց առանձին շահերը եւ կը նախընտրեն մանաւանդ աւելի անկախ ըլլալ Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ, ինչպէս է պարագան տը Կոլի Ֆրանսային:

Ցարդ հիւլէական պատերազմ շղթայազերծելու հնարաւորութիւնը երկու մեծ երկիրներու կը պատկանէր: Բայց այսօր հիւլէական ուժը, ռազմական նպատակներու գործածելու կարելիութիւնը կը պատկանի հինգ երկիրներու` Միացեալ Նահանգներ, Խորհրդային Միութիւն, Անգլիա, Ֆրանսա, Չինաստան: Գերմանացիք կ՛աշխատին իրենց ծրագրին վրայ: Բազմակողմանի ուժի ստեղծումը լաւագոյն միջոցն է կասեցնելու Գերմանիոյ սպառազինումը հիւլէական ուժով, նկատի ունենալով, որ Միացեալ Նահանգները վեթոյի իրենց իրաւունքը պիտի ունենան հիւլէական զէնքի գործածութեան  պարագային: Արեւելք-Արեւմուտք փոխ յարաբերութիւնը կրնայ հիմնովին շրջուիլ, եթէ պատահի, որ Գերմանիան հասնի հիւլէական ռազմավարական անկախութեան: Այնպէս որ, Միացեալ Նահանգներու հակակշռին տակ եղող բազմակողմանի այդ ուժը կրնայ ընդունելի ըլլալ Քրեմլինի համար: Քրեմլին կը նախընտրէ որպէս խօսակից ունենալ Միացեալ Նահանգները, քան` Արեւմտեան Գերմանիան:

Վարչապետ Էրհարտի համար ալ ասիկա կրնայ իտէալ կարգադրութիւն մը ըլլալ, մանաւանդ` ներքին ճակատի վրայ: Ընդդիմադիրներ յաճախ կը բողոքեն, որ Գերմանիան կու տայ զէնք եւ զօրք եւ դրամ` Ատլանտեան զինակցութեան, բայց չի մասնակցիր այն որոշումներուն, որոնք իր ճակատագիրը կը տնօրինեն: Այս ձեւով Միացեալ Նահանգները աւելի պիտի կապուին Գերմանիոյ պաշտպանութեան, եւ վարչապետին համար այդ պաշտպանութիւնը առանց Միացեալ Նահանգներու անհնար է: Ուրեմն Պոնի եւ Ուաշինկթընի համար բաղձալի է այս համաձայնագրին իրականացումը:

Բայց կան ուխտին միւս երկիրները:

Նորվեկիացիները կը փափաքին հեռու մնալ հիւլէական խնդիրներէ: Ֆրանսան հակառակ է ամէն տեսակի զինուորական միաձուլման: Իտալիան կ՛ապրի շփոթ վիճակ մը, ան կը տարուբերի Սարակաթի Ատլանտեանի ուխտի համախոհութեան եւ Նեննիի չէզոքապաշտութեան միջեւ: Սփաք ստիպուած է չափաւոր ըլլալ` իր ընկերավարական ընկերներուն պատճառով:

Իսկ յոյները եւ թուրքերը համաձայն են, գրեթէ, նման դաշնագրի մը, որ կրնայ զօրացնել իրենց կապերը Ամերիկայի հետ եւ մանաւանդ կրնայ պատճառ ըլլալ, որ օտար դրամանիշներ մտնեն երկրէն ներս:

Հոլանտացիներուն դիրքորոշումը մեծապէս կապուած է անգլիացիներէն: Ճիշդ այդ պատճառով ալ, համոզելու համար անգլիացիները, յաճախ խօսուեցաւ երկկողմանի համաձայնութեան մը մասին` Ամերիկայի եւ Գերմանիոյ միջեւ: Անգլիացիներու դիրքորոշումը կը մնայ տակաւին անորոշ:

Առաջին փորձերը սկսած են արդէն այս ուղղութեամբ: Ամերիկեան ռազմանաւու մը վրայ ամերիկացի, անգլիացի, գերմանացի, իտալացի, յոյն եւ թուրք նաւազներ կ՛աշխատին միասնաբար: Այս փորձը կը հետամտի փաստել, թէ կարելի է փոլարիս հրթիռներով օժտուած նաւատորմ մը յառաջացնել Ատլանտեանի համագործակցութեան շրջագծին մէջ:

Թէ ի՛նչ կը մտածէ Խորհրդային Միութիւնը այս մասին, դժուար է գիտնալ: Մինչեւ այն ատեն որ այս նոր ուժն ալ մաս կը կազմէ ամերիկեան ինքնապաշտպանութեան դրութեան, Քրեմլին վախնալու պատճառներ չունի: Բայց եթէ պատահի, որ Ամերիկա հրաժարի իր վեթոյի իրաւունքէն, այն ատեն է, որ Խորհրդային Միութիւնը պիտի գտնուի մեծ դժուարութան մը առջեւ:

Կրնա՞յ համաձայնութիւն գոհանալ:

Անկասկած որ պիտի գոյանայ համաձայնութիւն մը, բայց հաւանօրէն Ատլանտեան ուխտը ենթարկուի զանազան ցնցումներու: Ֆրանսա կրնայ բոլորովին հեռանալ ուխտէն, իսկ Իտալիան որեւէ խանդավառութիւն ցոյց չի տար այդ ուղղութեամբ:

Հոլանտացիք կը խորհին, որ դեռ կանուխ է վերջնական ձեւ մը տալու բազմակողմանի այս ուժին, որուն զանազան երեսները պէտք է  ուսումնասիրուին` տնտեսական, ռազմական եւ մանաւանդ քաղաքական:

Բայց հիմա որ Չինաստան իր հիւլէական ռումբը ունի, ազատ աշխարհի, մանաւանդ Եւրոպայի համար լաւ զինուած Ատլանտեան ուխտ մը վստահօրէն բարիք է, զգաստութեան կոչ` շատ ռազմասէր մարդիկը ողջախոհութեան բերելու:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES