Նոր Հրատարակութիւն` «Պատմագիրք Կիւրինի»

badmakirk_AnteliasՄեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի տպարանէն վերջերս լոյս տեսաւ «Հայոց ցեղասպանութեան» 100-ամեակի մատենաշարին 7-րդ հատորը` «Պատմագիրք Կիւրինի» խորագիրին տակ:

Կիւրինը ճանչցուած է իբրեւ պատմական Փոքր Հայքի գաւառ եւ գաւառակ Սեբաստիոյ նահանգին մէջ: 1915-ի ջարդերուն եւ տեղահանութեան ժամանակ ունեցած է շուրջ 15 հազար հայ բնակչութիւն:

Փոքր Հայքի պատկանող այս հնադարեան քաղաքը բախումներու, ձուլումի, մշակութային ու ընկերային յարաբերութիւններու, առեւտուրի, արհեստներու եւ արուեստներու զարգացման կարեւոր ու գործօն կայան եղած է փոխ ազդեցութեան:

1915-ի Ցեղասպանութենէն արեւմտահայ հատուածին փրկուած մնացորդացը հազիւ ինքզինք վերագտած` սկսաւ գրի առնել պատմութիւնը հայ բնակչութենէն պարպուած կարեւոր շրջաններուն ու քաղաքներուն: Որովհետեւ կազմակերպուած զանգուածային ջարդերուն առընթեր, թուրք իշխանութիւնները հրահանգած էին նոյն վայրագութեամբ ջարդել նաեւ հնադարեան արուեստի կոթողներն ու մշակութային հարստութիւնները:

Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ գաւառներու եւ քաղաքներու հայրենակցական միութիւններ, Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդած տասնամեակներուն հրատարակած են իրենց շրջաններուն յուշամատեանները, ուր տեղ գտած են ո՛չ միայն իրենց հայրենի քաղաքներու պատմութիւնը, այլեւ անոնց ընկերային-մշակութային զանազան երեսակները ընդգրկող տուեալները: «Պատմագիրք Կիւրինի» հատորը յաջողեցաւ ընթերցողին փոխանցել այդ շունչն ու ոգին` ցեղասպանութենէն ազատած հայ տառապեալին հոգիին մէջ:

«Պատմագիրք Կիւրինի» հատորը տպագրուած է մեկենասութեամբ Յակոբ եւ Օհան Տէր Աբրահամեաններու:  Ներկայ հրատարակութեան խմբագիրն է բանասէր, նախկին տնօրէն եւ «Կամար» գրական պարբերաթերթի խմբագիր` Ժիրայր Դանիէլեան:

Անթիլիասի տպարանէն յաջորդաբար հրատարակութեան պիտի տրուին Վասպուրականի եւ Մարաշի յուշամատեանները:

Share this Article
CATEGORIES