«Մեղեդիներ, Տաղեր Եւ Գանձեր» Ձայնասկաւառակի Շնորհահանդէս
Ուրբաթ, 17 հոկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Կիլիկիա» թանգարանի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը Շողիկ Թորոսեանի «Մեղեդիներ, տաղեր եւ գանձեր» ձայնասկաւառակին, որուն մէջ անոր կը նուագակցի Յասմիկ Գասպարեան:
Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց բաժանմունքի վարիչ Ղեւոնդ վրդ. Բենդէզեան, որ անդրադարձաւ շարականի դերին ու անոր ներշնչումով կերտուած հայու հոգիին ու ապրումներուն: Ան ներկայացուց ձայնասկաւառակին պատրաստութեան գլխաւոր դերակատարներ` Շողիկ Թորոսեանն ու Յասմիկ Գասպարեանը եւ անոնց բարի երթ մաղթեց իրենց աստուածահաճոյ առաքելութեան մէջ: Ապա, ջութակով ելոյթ ունեցաւ Մարիան Արթինեան` ներկայացնելով Կոմիտասի «Ջինար ես»-ը:
Օրուան բանախօսն էր երաժիշտ, ջութակահար Արմէն Ճէնտէրէճեան, որ նախ բարձր գնահատեց Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կատարած լուրջ եւ պատասխանատու աշխատանքը, ինչպէս նաեւ Շողիկ Թորոսեանի եւ Յասմիկ Գասպարեանի մասնագիտական եւ բարձրորակ կատարումները: Ան մէջբերելով զանազան պատմական տուեալներ, ցոյց տուաւ հայ եկեղեցւոյ շարականներուն, մեղեդիներուն ու գանձերուն ունեցած արժէքը պատմութեան մէջ, մանաւանդ ներկայ դարուս համաշխարհային ճանաչում ունեցող երաժիշտներու մօտ:
Շնորհահանդէսի աւարտին Շողիկ Թորոսեան եւ Յասմիկ Գասպարեան ելոյթ ունեցան ներկայացնելով երկու մեղեդիներ` քաղուած նոր պատրաստուած ձայնասկաւառակէն:
Փակման խօսքը կատարեց Կորիւն արք. Պապեան, որ մեծապէս գնահատեց կատարուած աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայի ծրագիրներուն: Կորիւն սրբազան անդրադարձաւ շարականի ունեցած հրաշագործ ազդեցութեան եկեղեցական արարողութիւններուն ու ծիսական կեանքին մէջ: Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» երգով` կատարողութեամբ Շողիկ Թորոսեանի եւ Յասմիկ Գասպարեանի:
Նշենք, որ սոյն ձայնասկաւառակի նախապատրաստական աշխատանքներուն ու ձայնագրութեան մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունեցած է, Քրիստոնէական դաստիարակութեան նախկին տեսուչ` Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան:

