Թարգմանչաց Տօնը Անթիլիասի Մէջ
Կիրակի, 12 հոկտեմբեր 2014-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ պատարագէն ետք, Անթիլիասի Վեհարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց վարդապետներուն նուիրուած հանդիսութիւն մը:
Յայտագիրը սկսաւ Թարգմանչաց նուիրուած «Որք զարդարեցին» եւ «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականներով: Ապա, Դպրեվանքի 3-րդ Ընծայարանի սարկաւագներէն` Բարշ. Յարութիւն սրկ. Կիւլոյեան ուղերձ ընթերցեց: Անդրադառնալով թարգմանիչ վարդապետներուն արժէքին` ան ըսաւ. «Անոնք սովորական մարդիկ չէին, այլ` հանճարներ, որոնք պատմութեան մէջ չապրեցան, այլ հայոց պատմութիւնը կերտեցին»:
Յայտագիրի աւարտին ներկաներուն պատգամ ուղղեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Թարգմանչաց շարժումին այժմէական արժէքն ու դերակատարութիւնը լուսարձակի տակ առնելով` ան ինքնանպատակ չնկատեց այս տօներու նշումը: «Տօնակատարութեան ճամբով մենք պէտք է անցեալը փոխադրենք ներկայ ու յատկապէս մեր անցեալի սուրբերուն ու դէպքերուն պատգամը պէտք է տանինք մեր ժողովուրդի կեանքին: Հետեւաբար, այսօր ի՞նչ կ’ըսէ Թարգմանչաց սերունդը: Ա) Հայոց լեզուն պէտք է ամուր ու մաքուր պահել, որովհետեւ մեր լեզուն մեր ամրութեան, միութեան եւ գոյութեան խարիսխն է: Բ) Մեր մշակութային արժէքները պէտք է վառ պահել մեր կեանքին մէջ»:
Ապա, իր խօսքը դպրեվանեցիներուն ուղղելով` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Այսօր մենք պէտք է հաւատարիմ գտնուինք մեր անցեալի սրբազան արժէքներուն, որպէսզի վաղը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ մենք դառնանք աշակերտներն ու առաքեալները այդ սրբազան արժէքներուն»:

