Լուտեր Ճորճ Սիմճեան (1905-1997). Արդիական Գործիքներու Եւ Ելեկտրոնային Սարքերու Ամերիկահայ Հնարիչը

luther_george_simjian_23-10-14Հոկտեմբեր 23-ին, 17 տարի առաջ, Միացեալ Նահանգներու մէջ, 94 տարեկանին մահացաւ հայ ժողովուրդի անուանի զաւակներէն Լուտեր Ճորճ Սիմճեան, որ իբրեւ գիւտարար-հնարիչ կարեւոր տեղ կը գրաւէ ամերիկացի հռչակաւոր դէմքերու ոսկեմատեանին մէջ:

Ճարտարագիտական մարզին մէջ աւելի քան 200 գիւտերու հեղինակային իրաւունքը կը պատկանի Լուտեր Սիմճեանի: Բժշկական լուսանկարչական համակարգեր, լուսանկարչական ինքնաֆոկուսաւորուող խցիկ, ինքնաշխատ (automatic) երեւակման սարք, ռազմական թռիչքներու խթանիչ (stimulator), փոստային սակագիներու հաշուիչ եւ նմանօրինակ բազում գործիքներու հնարիչը եղաւ հայազգի այս հնարամիտ գիւտարարը:

Յատկապէս դրամաբաշխ սարքի` ATM-ի (Automated Teller Machine) գիւտը կը պատկանի Սիմճեանի, որ իր հնարած հանրայայտ «Պանքմաթիք»-ով (Bankmatic) ռահվիրան եղաւ մեր ժամանակներու ամէնէն ընդհանրացած դրամատնային այդ սարք-գործիքի ստեղծման ու կատարելագործման:

Լուտեր Ճորճ Սիմճեան (Luther George Simjian) ծնած է 1905 թուի յունուար 28-ին, Կիլիկիոյ հայաշատ Այնթապ քաղաքին մէջ: 1915-ին թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութենէն վերապրած տարագիր հայերուն հետ, Սիմճեանները եւս յայտնուեցան Պէյրութի մէջ, ուր կարճ շրջան մը ապրելէ ետք` Լուտեր անցաւ Մարսէյլ, Ֆրանսա, ուրկէ 1920-ին տեղափոխուեցաւ Միացեալ Նահանգներ:

15 տարեկան հասակին հաստատուելով Միացեալ Նահանգներ` Քըննեքթիքըթ նահանգի Նիւ Հէվըն քաղաքին մէջ, պատանի Լուտեր կեանքի ասպարէզ նետուեցաւ իբրեւ լուսանկարիչ: Միաժամանակ բժշկութիւն ուսանեցաւ Եէյլ համալսարանին մէջ (Yale School of Medicine)` մասնագիտանալով իբրեւ լուսանկարչական տարրալուծարանի գիտաշխատող: Տարրալուծարանային լուսանկարիչի իր աշխատանքի տարիներուն, նուիրուեցաւ բժշկութեան ուսումնասիրութեան:

1928-ին նշանակուեցաւ միեւնոյն համալսարանի լուսանկարչական բաժանմունքի տնօրէն եւ իրագործեց լուսանկարչական սարքերու կապուած քանի մը գիւտեր, ինչպէս օրինակ նկարներու մանրադիտակի լուսարձակը (projector):

1934 թուականին տեղափոխուեցաւ Նիւ Եորք, որ երիտասարդ գիւտարար¬հնարիչին առջեւ նոր հորիզոններ բացաւ: Լուտերի առաջին կարեւոր գիւտը եղաւ սեփական դէմքի լուսանկարման մեծ սարքը, որ շատ արագ տարածում գտաւ մեծ հանրախանութներու մէջ, նաեւ` առիթը ընծայեց հայ գիւտարարին, որպէսզի հիմնէ Photoreflex ընկերութիւնը, մեկնելով իր հնարած համանուն գործիքէն: Յաջողութիւնը այնքա՜ն մեծ էր, որ Լուտեր Սիմճեան իր գիւտին հեղինակային իրաւունքը եւ համանուն ընկերութիւնը վաճառեց: Շուտով հիմնեց նոր ընկերութիւն մը` Reflectone անունով, որպէսզի հրապարակ իջեցնէ միեւնոյն անունը կրող նոր սարք մը` դարձող հայելիներով օժտուած բազկաթոռ մը, որուն վրայ բազմողը ի վիճակի պիտի ըլլար իր սեփական մարմինը դիտելու բոլոր անկիւններէ:

1939 թուականին Սիմճեանի մօտ ծագեցաւ կանխիկ դրամ տրամադրող ինքնաշխատ սարքի (Automated Teller Machine – ATM) ստեղծման գաղափարը: Թէեւ դրամատուները թերահաւատութեամբ ընդունեցին դրամ տրամադրող մեքենեայ ունենալու գաղափարը եւ հազիւ վեց ամիս փորձարկեցին Սիմճեանի գործիքը, այսուհանդերձ` ան շարունակեց աշխատիլ իր գործիքի կատարելագործման վրայ: Մինչեւ 1960 ապահովեց 20 արտօնագիր‘ կատարելագործելով Banmatic սարքը եւ հիմք ստեղծելով այսօրուան թղթադրամ տրամադրող գործիքներուն համար: 1965-ին ան հնարեց նաեւ միեւնոյն գործիքի մետաղադրամ տրամադրող սարքը:

Լուտեր Սիմճեան առեւտրական մեծ յաջողութիւն ունեցաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին, երբ գիւտը ըրաւ ռազմական թռիչքներու Optical Range Estimation Trainerին, որ կ՛օգտագործուէր Մ. Նահանգներու ռազմական օդաչուներու մարզումներուն ժամանակ` գնահատելու համար օդանաւային կազմածներու արագութիւնն ու միջտարածութիւնը: Սիմճեան իր հնարած գործիքէն աւելի քան երկու հազար օրինակ վաճառեց եւ նիւթական մեծ յաջողութիւն ունեցաւ:

Իր կեանքի վերջալոյսին հայազգի գիւտարարը հաստատուեցաւ Ֆլորիտա` Ֆորթ Լոտըրտէյլ (Fort Lauderdale), ուր հիմնեց իր սեփական մեծ տարրալուծարանը եւ մինչեւ 92 տարեկանը աշխատեցաւ նոր գիւտերու հնարման վրայ:

Իր մահկանացուն կնքեց 23 հոկտեմբեր 1997-ին:

Ն.

 

Share this Article
CATEGORIES