ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ՆԻԱՅԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

Նախարար Սապունճեան` իրանեան պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան մէջ ընդունեց Իրանի Ուսումնասիրական եւ արհեստագիտական գործակցութեան կեդրոնի նախագահ Համիտ Ռիտա Ամիրի Նիան, որուն ընկերակցեցաւ կեդրոնին մէկ պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ իրանեան դեսպանատան գործավար Մեհտի Շաուաշթրին եւ դեսպանատան տնտեսական կցորդ Իպրահիմ Սայիտին:

Հանդիպումին ընթացքին ներկաները քննարկեցին Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ ճարտարարուեստի մարզի գործակցութեան հեռանկարները:

Share this Article
CATEGORIES