ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԴԵՍՊԱՆ ՔՈՉԱՐԵԱՆԸ
Երէկ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ: Դեսպան Քոչարեան վարչապետ Միքաթիին փոխանցեց Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի շնորհաւորական նամակը եւ Հայաստան այցելելու պաշտօնական հրաւէրը: Հայաստանի դեսպանը Հայաստանի կառավարութեան անունով վարչապետ Միքաթին շնորհաւորեց վարչապետութեան բարձր եւ պատասխանատու պաշտօնը ստանձնելուն եւ Լիբանանի նոր կառավարութեան խորհրդարանին մէջ վստահութեան քուէ ստանալուն առիթով:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-լիբանանեան երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւններուն առնչուող խնդիրներ: Ըստ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան, երկուստէք կարեւոր նկատուեցաւ բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւններու իրականացման, միջկառավարական յանձնախումբի հերթական նիստի, գործարար համաժողովներու կազմակերպման, առեւտրական-տնտեսական յարաբերութեանց խորացման եւ ընդլայնման, ինչպէս նաեւ իրաւապայմանագրային դաշտի թարմացման անհրաժեշտութիւնը: Կարեւոր նկատուեցաւ նաեւ լիբանանահայ համայնքի դերակատարութիւնը` Լիբանանի քաղաքական, ընկերային-տնտեսական եւ մշակութային կեանքին մէջ: