ՊԸՐՐԻ ԸՆԴԳԾԵՑ, ՈՐ ԼԻԲԱՆԱՆ ՊԻՏԻ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ԻՐ ԲՈԼՈՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին ծիրին մէջ երէկ խորհրդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ շարք մը երեսփոխաններու հետ:
Հանդիպումին ընթացքին խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող ընտրական օրինագիծի մշակման եւ վաւերացման կարեւորութիւնը:
Պըրրի կոչ ուղղեց կառավարութեան փոփոխութեան ենթարկելու երեսփոխանական ընտրութեան յատուկ օրինագիծի յանձնախումբին աշխատանքը` շեշտելով, որ կառավարութիւնը պէտք է ճշդէ այն չափանիշները, որոնց վրայ հիմնուած է ընտրական օրէնքը:
Խորհրդարանի նախագահը աւելցուց, որ եթէ կառավարութիւնը յապաղի ընտրական օրէնքի մշակման հետապնդման իր գործունէութեան մէջ, ապա խորհրդարանը ձեռնածալ պիտի չմնայ եւ այս գծով ինք պիտի նախաձեռնէ աշխատանքի:
Անդրադառնալով Լիբանանի ծովային սահմաններուն` Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանան պատրաստ է իր բոլոր իրաւունքները պաշտպանելու` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է ամէն ջանք ի գործ դնել այդ իմաստով եւ ծովային սահմանագծումը կատարել:
Խորհրդարանի նախագահը յայտնեց, որ այդ իմաստով խորհրդարանը օրինագիծ մը կը մշակէ, որպէսզի կարելի ըլլայ յաջորդ օրէնսդրական նիստին զայն քննարկել:
Վարձքերու վերաբերող թղթածրարին մասին խօսելով` Պըրրի յայտնեց, որ այդ թղթածրարին լուծումը պէտք է լիբանանեան պետութեան հաշուոյն կատարել եւ ոչ թէ վարձու տուողին կամ վարձուորին:
Պըրրի խորհրդարանին մէջ ընդունեց իրանեան խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Իրանի խորհրդարանի փոխնախագահ Մոհամետ Ռիտա Պահերի եւ ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի:
Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նշենք, որ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց օրէնսդրական նիստի մը, որ պիտի գումարուի յառաջիկայ 3 եւ 4 օգոստոսին:
Միւս կողմէ, Պըրրի յայտնեց, որ Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքին կեցուածքը այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, թէ լիբանանեան երկխօսութիւնը աւարտած է` նախքան սկսիլը: