Ծննդավայրս`, Արաբ Բունար, Այն Արապ
ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Կեանքիս մէջ օր մը մտքէս չէի անցուցած որ ծննդավայրս կրնար աշխարհի լրատուական լուսարձակներուն կեդրոնը գտնուիլ, բայց եղաւ, ինչպէս երբեմն եղաւ մօրս ծնողաց բնակած Ազեզը, որ Արաբ Բունարի պէս աննշան վայր մըն էր Հալէպէն ոչ շատ հեռու, Թուրքիոյ սահմանին մօտ:
Երբ փոքր էի, կը կարծէի, որ Արաբ Բունարը աշխարհի ամէնէն հեռաւոր վայրին մէջ կորսուած աննշան տեղ մըն էր, ուր ես ծնած էի` բախտէս:
Ջարդերէն մազապուրծ ազատած մեծ ծնողքս նախ Հալէպ հաստատուած էին եւ յետոյ, չեմ գիտեր` ինչո՞ւ, Արաբ Բունար եկած էին: Երբ փոքր էի, մտքէս կ՛ըսէի` «մարդ աշխարհի ամէնէն մեծ ու գեղեցիկ Հալէպ քաղաքը կը ձգէ ու հոս կու գա՞յ»: Անկարելի բա՛ն մըն է, որ մեր տուները բեռնակառքի մը կամ հանրակառքի մը վրայ բեռցնեն եւ Հալէպ փոխադրեն:
Մեր գիւղաքաղաքին մէջ երկու մզկիթ կար եւ անոնց քիւրտ սիւննի եւ շիի հաւատացեալները երբեմն ուրբաթ օրուան աղօթքի քարոզէն ետքը իրարու դէմ բուռն կռիւներ կ՛ունենային:
Անունը Արաբ Բունար էր, բայց այնտեղի արաբները, իմ կարծիքով, միայն քաղաքին կառավարական պաշտօնեաներն ու իրենց ընտանիքներն էին` քաղաքապետ, դատաւոր, ոստիկան, դպրոցի տնօրէն, ուսուցիչներ բանտապահներ, եւ` քանի մը սահմանապահ զինուորներ, մնացեալը` քիւրտեր էին մեծաւ մասամբ, եւ հայեր` իրենց առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներով, եւ` հայախօս սուրիանիներ` իրենց եկեղեցիով, ու քանի մը թուրքմեն, զազա ու չերքեզ ընտանիքներ:
Արաբ Բունարը ունէր երկու մասեր` «ջուրէն ասդին եւ ջուրէն անդին». գետակ մը կ՛անցնէր մէջտեղի կամուրջին տակէն:
Թուրքիան մեր տունէն հազիւ 200 քայլ անդին էր, եւ միջոցին` կար մաքսատունը եւ դաշտ մը ուր դպրոցէն արձակուելէ ետք զանազան խաղեր կը խաղայինք, եւ երբեմն, երբ մեր մէջ հայկական արիւնը եռար, թուրք տղոց վրայ պարսատիկով քար կը նետէինք, իրենք ալ մեր վրան: Մեր սահմանին վրան միայն քանի մը սուրիացի զինուորներ կային, մինչդեռ թրքական կողմի զինուորականներուն թիւը անհամեմատ կերպով աւելի մեծ էր, եւ այդ էր գլխաւոր պատճառը իմ հոն ապրիլ չուզելուս: Կ՛ուզէի հեռու ըլլալ թուրքերէն, որովհետեւ անոնք մեծ ծնողներուս հարազատները սպաննած էին եւ բռնագրաւեր էին անոնց տուներն ու կալուածները, որոնց փաստաթուղթերը մեծ հօրս տան խոշոր սնտուկին մէջն էին:
Սկիզբը Արաբ Բունարի բոլոր վաճառականները, արհեստաւորները, բժիշկներն ու մարզիկները հայեր էին, վերջը քիւրտերն ալ սկսան: Ունէինք երկու ակումբ` ՀՄԸՄ եւ ՀԲԸՄ, / ՀԵԸ, իրենց սկաուտական կազմերով փողերախումբերով եւ ֆութպոլի խումբերով, որոնք կը մասնակցէին Հալէպի մէջ Սուրբ Զատկին տեղի ունեցող տարեկան միջմասնաճիւղային զոյգ մրցումներուն ու տողանցքներուն: Հայերը առաւելաբար Ուրֆա Կարմուճի եւ Տիգրանակերտի բարբառներով կը խօսէին իրարու հետ:
Երբ որ ծնայ, Արաբ Բունարի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը քիւրտ էր: Հայերն ալ շատ էին, այնքան շատ, որ ունէին երկու դպրոց Խրիմեան Ազգային նախակրթարան վարժարանը, ուր կը յաճախէին քոյր-եղբայրներս եւ ես, կար նաեւ Բարեգործականի Աւետիս Սարաֆեան նախակրթարան վարժարանը: Տարեվերջերուն փառաւոր դպրոցական հանդէսներ կ՛ունենայինք, ու ես հարմոնիքա եւ ձեռնադաշնակ կը նուագէի, ունէինք նաեւ թատերախումբեր: Մեր գիւղաքաղաքի հայերուն մեծամասնութիւնը Ուրֆացի/ Կարմուճցիներ էին, յետոյ` տիգրանակերտցիներ որոնց մեծամասնութիւնը իրարու ազգականներ էին եւ ջուրէն ասդին կը բնակէին` Թուրքիոյ սահմանին մօտ: Կային նաեւ պերեճիկցի հայ ընտանիքներ:
Բայց տարուէ տարի հայոց թիւը նօսրացաւ, տէր հայր եւ հայ ուսուցիչներ հեռացան, այնքան ատեն որ հայրս հոն էր, եկեղեցին բաց մնաց, Խրիմեան վարժարանը փակուեցաւ, հայոց կալուածները յանձնուեցան Հալէպի առաջնորդարանին: Բարեգործական դպրոցը բաւական ատեն բաց մնաց, եւ հոն յաճախող աշակերտներէն ոմանք կիրակի օրերը հօրս հետ սուրբ պատարագի շարականները երգեցին տարիներով: Մեր ակումբները փակուեցան, վաճառատուներն ու տուները ծախուեցան, մնացին միայն մէկ ձեռքի վրայ հաշուուող հայեր` բժիշկ եւ դեղագործ:
Ունէինք գեղեցիկ լիճ մը, ուր պտոյտի կ՛երթայի՛նք, բայց դժբախտ օր մը անակնկալ հեղեղին քշած տիղմը անոր ակին աչքերը չորցուց եւ զայն խաղադաշտի վերածեց: Կար նաեւ Պըզ Պըզ ջուրը, որուն ջուրը շատ համով, թեթեւ ու մարսողական էր: Հայերը ունէին ֆութպոլի երկու դաշտեր: Բլուր մը ունէինք, որուն գագաթին սրբատեղի մը կար ԶԻԱՐԱԹ անունով: Տարուան մէջ քանի մը անգամ հոն ուխտի կ՛երթայինք` աղօթքի ու մոմ վառելու, անծանօթ սուրբին գերեզմանին: Մեծ հօրս գերեզմանը հիմա այնտեղերն է: Հայերը գերեզմանատուն մը ունէին քաղաքապետարանէն քիչ մը անդին, որ երբեմն կը սրբապղծուէր քիւրտերուն կողմէ: Քառասուն տարի է, որ չեմ գացած հոն:
Հիմա քաղաքին տէրերը քիւրտերն են, որոնք իրենց կեանքերը փրկելու համար Թուրքիա փախած են, եւ երիտասարդ կամաւորներէն ոմանք իրենց ընտանիքը հոն ձգած, կը վերադառնան իրենց քաղաքը` ամրակուռ շարքերով կռուելով փրկելու համար Սուրիոյ երեք ամէնէն աւելի քիւրտերով բնակուած քաղաքներէն մէկը` ծննդավայրս` Արաբ Բունար, Այն Արապ Արաբ Բունարին…:
Նիս, 27 սեպտեմբեր, 2014