1915-ի Ուրուականները Կամ (Արաբ Բունար) Հայոց Ցեղասպանութիւնը Տեսած Անցեալը. «Միլլիյէթ»-ի Անդրադարձը

Miiliyet_kobane«100 տարի առաջ Արաբ Բունար-Ա. կոչուող վայր գոյութիւն չունէր: Շատերը կ՛ըսեն, որ այդ բնակավայրի սկզբնական անունը Այն Արապ եղած է, սակայն այդպիսի բնակավայր ալ չկար: 100 տարի առաջ այնտեղ Արաբ Բունար կոչուող փոքրիկ գիւղ մը կար», կը պատմէ «Միլլիյէթ» թերթի յօդուածագիր Ասլը Այտընթաշպաշ:

«Այս փոքրիկ գիւղին պատմութիւնը այսօր Ռուսիայէն մինչեւ Նիւ Եորք ամբողջ աշխարհի օրակարգի վրայ յայտնուած է, սակայն այս պատմութիւնը կ՛արժէ պատմել…

«Պերլին-Պաղտատ ցամաքային ճանապարհը Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներու ամէնէն կարեւոր քաղաքական եւ տնտեսական նախագիծն էր: Արաբ Բունարի մասին առաջին յիշատակումը գերմանացիներու կողմէ կառուցուած ճամբու փոքրիկ կայարանի կառուցումէն ետք եղած է…

«1912 թուականն է… Ուրֆան հայերով եւ արաբներով բնակուած մեծ բնակավայր է, իսկ Արաբ Բունարը` լերան գագաթին գտնուող կայարան մը, որ փոքրիկ հիւղակներէ բաղկացած էր:

«Սակայն Արաբ Բունարը պատմութեան թատերաբեմին վրայ յայտնուեցաւ 1915-ի հայերու ջարդերու տարիներուն:

«Արաբ Բունարը սուրիական ճգնաժամի սկիզբէն շրջանառուող անուններու` Ռասուլ Այնի, Ռաքքայի եւ Տէր Զօրի պէս, Անատոլուէն գաղթած հայերու հաստատուած «ճամբարներէն» է: Աւելի ճիշդ` աւելի մահացու, ողջ մնալը գրեթէ անկարելի` ճամբարներ հասնելու համար «տարանցիկ կեդրոնը»:

«Հայկական արմատներով ֆրանսացի պատմաբան Ռեմոն Գէորգեանը Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող իր գիրքին մէջ կը նշէ, որ 1915-ին Արաբ Բունարի ճամբարին մէջ տեղաւորուած 15 հազար հայերէն վարակիչ հիւանդութիւններու պատճառով օրական 100-170 հոգի կը մահանար: Կարապետ Գափիճեանն ալ կը նշէ, որ ճամբարին մէջ 6 շաբթուան ընթացքին 4000 մարդ մահացած է:

«Օսմանեան կայսրութիւնը հայերուն Անատոլուի բոլոր անկիւններէն տեղահանելով` Սուրիոյ անապատներ մահուան կ՛ուղարկէր:

«Կ՛անցնի որոշ ժամանակ, եւ Օսմանեան կայսրութիւնը կը քաշուի այդ սահմաններէն` Արաբ Փունարը Սուրիոյ ձգելով: 1915-ին փրկուած հայերը ու շրջակայ գիւղերէն գաղթած քիւրտերը կամաց-կամաց այնտեղ կը հաստատուին:

«Ժամանակի ընթացքին այստեղ արաբ, քիւրտ, հայ, թուրքմէն ազգերէն բաղկացած խառն բնակչութիւն կը հաստատուի: Դպրոցներ կը բացուին, եկեղեցիներ, մզկիթներ կը կառուցուին:

«1920-1930-ական թուականներուն Թուրքիոյ երիտասարդ հանրապետութեան հիմնական խնդիրներէն մէկը Սուրիայէն զինեալ խումբերու երկիր մուտքը արգիլելն էր: Արաբ Բունարի մասին նաեւ այդ ժամանակահատուածին մէջ շատ կը խօսուի: Անգարան Սուրիոյ մէջ հաստատուած քիւրտ-հայկական միութիւնը իրեն դէմ ուղղուած սպառնալիք կը նկատէր:

«Յետոյ կը ստեղծուի Սուրիական պետութիւնն ու արաբականացման քաղաքականութեան ծիրին մէջ բնակավայրը կը վերանուանուի Այն-Արապ:

«Իսկ Արաբ Բունարի անունը, կ՛ըսեն, գերմանացիներու կառուցած կայարանի պատճառով. գերմաներէն «ընկերութիւն» «Kompanie» բառի աղաւաղուած ձեւն է:

«Ամէն պարագայի, Արաբ Բունարը այս կամ այն կերպ արդէն մէկ դար է եղունգներով կառչածներու, ինկած-ոտքի կանգնածներու քաղաքն է: Այդ պատճառով ալ տակաւին կը դիմանայ…»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )