Թափանցիկ Նենգութիւն

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Դիւանագիտական խաղերը, որոնց նպատակը որոշ գին վճարելու գնով իսկ առաւելագոյն օգուտներ քաղել պէտք է ըլլայ, երբ անմեղներու արեան մէջ թաթախուած կ՛ընթանա՛ն, պէտք է արժանանան համընդհանուր դատապարտումի:

Թուրքիան այդպիսի խաղերով այսօր կը փորձէ ոտքը կախ պահել Արաբ Բունարի քիւրտերուն օժանդակելու հարցով, եւ դեռ իր դաշնակից երկիրները, յատկապէս` Հիւսիսատլանտեան ուխտի պետութեանց ղեկավարները, կը տատամսին փոխելու իրենց բանակցութեանց ոճը` Թուրքիայէն անմիջական ու գործնական աջակցութիւն ստանալու, որպէսզի վայրկեան առաջ օգնութիւն հասնի ջարդի վտանգը դիմագրաւող բնակչութեան:

Ինչո՞ւ Թուրքիա տակաւին կը մերժէ թոյլ տալ իր դաշնակիցներուն` օգտագործել Արաբ Բունարի մօտիկ ռազմական օդանաւերու «Ինճիրլիկ» օդակայանն ու խարիսխը` կռուողներուն ռազմամթերք եւ այլ օգնութիւն հասցնելու գործը դիւրացնելու եւ արագացնելու համար:

Ինչո՞ւ Թուրքիա այսքան քաշքշեց Արաբ Բունարի քիւրտ կռուողներուն օգնութեան ճամբայ բանալու հարցը. չէ՞ որ կրնար շա՜տ ուշ ըլլալ ու քաղաքը կրնար իյնալ արնախում հրոսակներու ձեռքը: Օպաման ի՞նչ խոստումներ պէտք էր տար Էրտողանին, որ ան ի վերջոյ նուազագոյն այս գործակցութեան համաձայնութիւն տար:

Մենք թերեւս չունինք հնարաւորութիւնը վերծանելու թրքական «բարդ» դիւանագիտութեան ծալքերը, որպէսզի հասկնանք, թէ Թուրքիա իսկապէս ի՛նչ շահեցաւ իր այս քայլերով: Այսուհանդերձ, կրնանք հաստատել, որ թրքական վարչակարգին գլուխը կանգնած Էրտողանը իր իսկ առաջադրած թուրք-քրտական յարաբերութէանց բնականոնացման քաղաքականութիւնը ականահարեց, եւ այն, ինչ շահուած էր այս ընթացքին, ամբողջութեամբ շոգիացաւ, եթէ աւելի չվատթարացաւ:

Այսօր Թուրքիոյ քիւրտերը, Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան մարտիկները եւ ընդհանրապէս այդ տարածաշրջանի քիւրտ բնակչութիւնը նորոգուած ատելութեամբ կը պատրաստուին հակադարձելու թրքական նենգութեան եւ վերադառնալու ազատագրական պայքարի իրենց դիրքերը:

Կրնանք նաեւ հաստատել, որ Հիւսիսատլանտեան ուխտի անդամ պետութիւնները այսօր առաւել կասկածով ու վերապահութեամբ կը գնահատեն Թուրքիոյ կեցուածքը` հետագայ համագործակցութեանց պայմանները վերարժեւորելու հրամայականին առջեւ գտնելով իրենք զիրենք:

Իսկ եթէ յանդգնինք թափանցել թրքական նենգ դիւանագիտութեան խորքերը, ապա արդեօք քրտական հարցը իւրովի լուծելու եւ Սուրիոյ հանդէպ ունեցած նկրտումները կեանքի կոչելու նպատակները չե՞ն բացայայտուիր:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )