Ըստ Ուքրանիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Նախնական Արդիւնքներու. Փորոշենքօ Եւ Եացենիուք Կ’ուղղուին Դէպի Համախոհական Կառավարութեան Կազմութիւն
Ուքրանիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէներու 50,08 առ հարիւրի արդիւնքներուն հիմամբ վարչապետ Արսենի Եացենիուքի Ժողովուրդի ճակատ կուսակցութիւնը կը գտնուի առաջին դիրքին վրայ եւ հաւաքած է քուէներու 21,61 առ հարիւրը, իսկ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքոյի պլոքը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ ըմբշամարտի աշխարհի նախկին ախոյեան Վիթալի Քլիչքոյի կուսակցութիւնը, հաւաքած է քուէներու 21,45 առ հարիւրը, Լվովի քաղաքապետ Անտրիյ Սատովյիի կուսակցութիւնը` քուէներու 11,1 առ հարիւրը: 4-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի նախկին նախագահ Եանուքովիչի կառավարութեան մէջ ուժանիւթի նախարար Եուրի Պոյքոյի Ընդդիմադրութիւն պլոքը, որ ապահոված է քուէներուն 9,82 առ հարիւրը:
Կը նախատեսուի, որ նախագահն ու վարչապետը համախոհական կառավարութիւն մը կազմեն: Անոնք կը նշեն, որ իրենց սպասումն է, որ այլ կուսակցութիւններ եւս միանան կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւններուն:

