Քիւրտերը Արաբ Բունարի Արեւելքը Տարածքներու Կը Վերատիրանան
Արաբ Բունարի արեւելեան ճակատին վրայ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերուն եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն միջեւ բուռն բախումները վերստին ծագեցան: Քիւրտերը կրցան քաղաքին արեւելքը գտնուող տարածքներու վերատիրանալ եւ յաջողեցան ՏԱՀԵՇ-ը վտարել Թել Շահիրի արեւմուտքը գտնուող Իզահա շրջանէն: Բախումներու ընթացքին ՏԱՀԵՇ-ի 50 զինեալներ սպաննուած են:
Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ ամերիկեան ռմբաձիգները Արաբ Բունարի մօտ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ 5 յարձակումներ գործած են, իսկ դաշնակից ուժերու ռմբաձիգներուն հետ 10 այլ յարձակումներ գործած են Իրաքի մէջ:
Մինչ այդ, երէկ հաղորդուեցաւ, որ շուրջ 150 փեշմերկաներ արդէն քաղաք հասած են, սակայն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը երէկ յայտնեց, որ փեշմերկաները պատրաստ են Արաբ Բունար մեկնելու, սակայն Թուրքիոյ կողմէ արգելքի կը հանդիպին:
Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի փեշմերկաներու հարցերու նախարար Մուսթաֆա Քատեր լրագրողներուն յայտնեց, որ «մինչեւ հիմա փեշմերկա ուժեր Արաբ Բունար չգացին եւ մենք պատրաստ ենք զանոնք ուղարկելու: Մենք Թուրքիոյ պետութեան կեցուածքին կը սպասենք եւ այդ պատճառով որեւէ ուժ չենք ուղարկած»:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կիրակի օր յայտարարած էր. «Ժողովրդային միութիւն կուսակցութիւնը փեշմերկաներու գալուստը չ՛ուզեր: Ժողովրդային միութիւն կուսակցութիւնը կը կարծէ, որ փեշմերկաներուն ժամանումով իր խաղը պիտի խանգարուի: Իրենց պատրաստածը պիտի քանդուի»:
Փեշմերկաներու հարցերու նախարարութեան բանբեր Հալկորտ Հեքմաթ նախապէս յայտնած էր, որ տեղակայումը «աջակցութեան ուժերուն», որոնք զինուած պիտի ըլլան գնդացիրներով, հրասանդներով եւ ականանետերով, տեղի պիտի ունենայ այս շաբաթ:
Ուաշինկթըն. «Իրան ՏԱՀԵՇ-ին Վերջ Տալու
Հարցին Մէջ Կարեւոր Դերակատար Մըն Է»
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի ընդհանուր դիւանագիտութեան հարցերով տեղակալ Ռիչըրտ Սթինկիլ յայտարարեց, որ «Ուաշինկթըն կ՛ողջունէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ բոլոր երկիրներուն ներդրումը, ներառեալ` Իրանի ջանքերը»:
Քուէյթի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքի ներկայացուցիչներու հանդիպումին աւարտին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ան նշեց. «Իրան շրջանին մէջ շատ կարեւոր դերակատար մըն է, եւ եթէ ՏԱՀԵՇ-ին վերջ տալու մէջ հասարակաց շահ մը գոյութիւն ունի, ապա մենք բոլոր կողմերը կ՛ողջունենք»:

