Վեց Տարուան Ընդմիջումէն Ետք. «Էրոֆլոթ»-ը Վերսկսած Է Մոսկուա-Թիֆլիս Թռիչքները
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Թիֆլիսի օդակայանի լրատուական ծառայութեան, կը հաղորդէ, որ ռուսական «Էրոֆլոթ» օդանաւային ընկերութիւնը վերսկսած է ուղիղ թռիչքները Մոսկուայի եւ Թիֆլիսի միջեւ:
27 հոկտեմբերի լոյս գիշերը ընկերութեան պատկանող օդանաւ մը վեց տարուան ընդմիջումէն ետք կատարած է Մոսկուայէն Թիֆլիս առաջին թռիչքը:
«Համաձայն թռիչքներու ցանկին, օրուան այդ ժամուն «Էրոֆլոթ»-ը ամէն օր պիտի կատարէ թռիչքներ Մոսկուայի եւ Թիֆլիսի միջեւ», նշած են օդակայանին մէջ:
CATEGORIES Միջազգային

