Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի նահանգապետ Ռամզի Նոհրա կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան անմիջապէս սկսելու Թրիփոլիի վերաշինութեան եւ բարգաւաճման աշխատանքներուն` ընդգծելով, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումներուն պատճառած աւերը հսկայական է:

ՊԵՔԱԱՅԻ մէջ անծանօթներ Պաալպեքի Մուրթատա հիւանդանոցը գնդակոծեցին «Շերոքի» տիպի ինքնաշարժէ մը: Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը այս մասին հետաքննութիւն բացաւ:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի պատասխանատուներէն Շատի Սաատ յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած վերջին իրադարձութիւնները հետեւանք են բանակին վրայ բանեցուած ճնշումներուն, ինչպէս նաեւ կարգ մը նախարարներու կողմէ օգտագործուած սադրանքներ հրահրող բառամթերքին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Հըզպալլայի զէնքի թղթածրարը լիբանանեան պետութեան հիմնական հարցն է, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած բոլոր խնդիրներուն դրդապատճառը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ հերքեց բոլոր այն տեղեկութիւնները, թէ Թրիփոլիի մէջ իսլամական էմիրութիւն մը հաստատելու իմաստով հիւրընկալ միջավայր մը գոյութիւն ունի: Ահտապ յայտնեց, որ նման յայտարարութիւններ անհեթեթ են:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին լիբանանեան բանակին առանց նախապայմանի կատարուելիք որեւէ զինուորական օժանդակութեան, բացի եթէ այդ օժանդակութիւնը Իսրայէլի կողմէ կատարուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին Հըզպալլայի միջամուխ դառնալը Լիբանանը դժոխային ծրագիրներու դէմ յանդիման զետեղած է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի հաստատեց, որ իրենք որեւէ ժամանակէ աւելի կառչած կը մնան երկրին մէջ արդար պետութիւն մը հիմնելու ընտրանքին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ շեշտեց, որ բանակը պէտք է կրակ բանայ բոլոր անոնց դէմ, որոնք իր դիմաց զէնք կը բարձրացնեն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES