Ալի Այցելեց Սելիմ Հըսի

Հըս եւ դեսպան Ալի
Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի երէկ այցելեց նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան, սուրիական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ալի շեշտեց, որ սուրիական իշխանութիւնները բացայայտ կերպով կը զօրակցին Լիբանանի` լիբանանցիներուն, բանակին եւ կառավարութեան, որոնք կը պայքարին հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ եւ զայն տապալել կը փորձեն:
«Մենք վստահ ենք, որ Լիբանանի կառավարութիւնը, լիբանանցիները, լիբանանեան բանակն ու լիբանանեան ազգային ուժերը պիտի կարենան պարտութեան մատնել ահաբեկչութիւնը», ըսաւ ան:
Ալի հաստատեց նաեւ, որ լիբանանեան եւ սուրիական բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը առկայ է` աւելցնելով, որ Սուրիա ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնէ լիբանանեան բանակին եւ նախանձախնդիր է անոր օժանդակելու իմաստով:

