Ժեմայէլ – Սինիորա Հանդիպում

Ժեմայէլ եւ Սինիորա
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ Պլիսի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Ժեմայէլ յետմիջօրէին նախագահեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ընթացիկ նիստին, որմէ բխած որոշումներուն համաձայն, ընդգծուեցաւ լիբանանեան բանակին նկատմամբ կուսակցութեան զօրակցութիւնը, յատկապէս ահաբեկիչներու եւ մութ ուժերու դէմ անոր մղած պայքարին առումով:
Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը իր կատարեալ զօրակցութիւնը յայտնեց բանակին` անհրաժեշտ նկատելով նաեւ գործադրել սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող Լիբանանի կառավարութեան որոշումը:
CATEGORIES Լիբանանեան

