Զօր. Փորթոլանօ. «Կը Զօրակցինք Բանակին Կարողութիւնները Բարելաւելու Լիբանանի Կառավարութեան Ջանքերուն»
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ բանակին մղած պայքարը:
Հանդիպումէն ետք Փորթոլանօ յայտնեց, որ ինք ցաւակցութիւն յայտնած է պաշտպանութեան նախարարին, բանակի հրամանատարութեան եւ նահատակ բանակայիններու ընտանիքներուն` ընդգծելով, որ ինք մեծ յարգանք կը տածէ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ բարձր կը գնահատէ հայրենիքին համար զոհուելու անոնց ոգին եւ պատրաստակամութիւնը:
«Հակառակ երկրին մէջ իր ստանձնած ապահովական հսկայ պատասխանատուութեան, լիբանանեան բանակը մօտէն կը գործակցի նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ին հետ եւ կ՛օժանդակէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան», ըսաւ ան:
Զօր. Փորթոլանօ հաստատեց նաեւ, որ իրենք կը զօրակցին լիբանանեան բանակին կարողութիւնները բարելաւելու կառավարութեան ջանքերուն:
Իր կարգին, Մուքպել ընդգծեց Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան ուժերուն գործած ոտնձգութիւններուն հարցը լուծելու անհրաժեշտութիւնը:
Փորթոլանօ Մուքպելին ներկայացուց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը` շեշտելով թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու յանձնառութիւնը:

