Խորհրդարանի Նախագահը Ընդունեց Դեսպան Հէյլը

Հէյլ եւ Պըրրի

Հէյլ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը` ներկայութեամբ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Հէյլ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը դրուատեն լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` Լիբանանին եւ յատկապէս Թրիփոլիի եւ Աքքարի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը երաշխաւորելու իմաստով:

Հէյլ ցաւակցութիւն յայտնեց Պըրրիին` ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին ընթացքին նահատակուած բանակայիններուն համար եւ շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին Լիբանանի կառավարութեան եւ վարչապետ Թամմամ Սալամին, ինչպէս նաեւ լիբանանցի այլ ղեկավարներուն, որոնք կը պայքարին ահաբեկչութեան դէմ:

Հէյլ խստիւ դատապարտեց Լիբանանի մէջ իրարանցում ստեղծող կողմերը, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը հաւատան լիբանանցիներուն միասնականութեան եւ կը վստահին լիբանանեան բանակին կորովին:

Հէյլ յայտնեց, որ Լիբանան կրնայ վստահիլ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեան:

Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, որ յայտնեց, թէ ինք Պըրրիէն իմացած է լիբանանեան պետութեան լրջութիւնը` իր որոշումները գործադրելու եւ ապահովական իր իշխանութիւնը բանեցնելու իմաստով:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ. քննարկուեցան երկրին ելեւմտական եւ տնտեսական իրավիճակը:

 

Share this Article
CATEGORIES