Թրիփոլիի Մէջ Բանակը Կը Շարունակէ Ահաբեկչութեան Դէմ Մաքրագործումի Իր Արշաւը, Իսկ Ժապհաթ Նուսրա Եւ ՏԱՀԵՇ Կը Շարունակեն Սպառնալ Առեւանգուած Բանակայինները Սպաննելու Առումով
Մինչ անպաշտօն աղբիւրներ կը յայտարարէին, թէ Թրիփոլիի մէջ համաձայնութիւն գոյացած է եւ բանակը վերջ տուած է իր շղթայազերծած զինուորական գործողութիւններուն, բանակի հրամանատարութիւնը կտրականապէս հերքեց այդ տեղեկութիւնները` ընդգծելով, որ բանակը ահաբեկիչներուն հետ ոչ մէկ համաձայնութիւն գոյացնելու կարգավիճակին մէջ է:
Բանակը երէկ շարունակեց մաքրագործումի իր արշաւը` մուտք գործելով Պապ Թըպպանէ, ուր փոխադրուած էին զինեալները:
Բանակի մասնայատուկ ուժերը իրենց կարգին դիրքաւորուեցան Պապ Թըպպանէի եւ Սուրիա պողոտային, յատկապէս Ահրամ եւ Սթարքօ փողոցներուն վրայ:
Լիբանանեան բանակի զօրամիաւորումները դիրքաւորուեցան Պապ Թըպպանէի մէջ եւ իրենց հակակշիռին տակ առին Շատի Մաուլաուիի եւ Ուսամա Մանսուրի ապահովական խարիսխն ու Ապտալլա պըն Մեսուտ մզկիթը:
Բանակը Պապ Թըպպանէի մէջ գրաւեց նաեւ մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք, որոնցմով ահաբեկիչները ամիսներ շարունակ կրնային դիմանալ` զինեալ բախումները շարունակելով:
Գրաւուած զինամթերքին մէջ կային հրթիռներ, հրասանդեր, պայթուցիկ նիւթեր, ականուած գօտիներ եւ ականներ:
Պէտք է աւելցնել, որ ուրբաթ օրուընէ սկսեալ բանակը հիւսիսային Լիբանանի մէջ 162 ահաբեկիչ ձերբակալուած է:
Բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ փախուստ տուած զինեալներէն պահանջեց բանակին անձնատուր ըլլալ` ընդգծելով, որ բանակը պիտի շարունակէ իր գործողութիւններն ու հետապնդումները եւ պիտի հալածէ զիրենք, մինչեւ որ կարենայ ձերբակալել զանոնք:
Բանակի հրամանատարութիւնը հաստատեց, որ անոնք ոչ մէկ թաքստոց պիտի կարենան գտնել, որովհետեւ զիրենք հիւրընկալող միջավայր գոյութիւն չունի:
Այս բոլորին իբրեւ հետեւանք Թըպպանէի եւ այլ շրջաններու բնակիչները ուղղուեցան Թրիփոլիի ապահով դպրոցները եւ զանոնք վերածեցին իրենց ապաստանարաններուն:
Միւս կողմէ, Ժապհաթ Նուսրա յայտնեց, որ իրենք առեւանգուած բանակային Ալի Պզալը չեն սպաննած Թրիփոլիի մէջ կացութիւնը հանդարտեցնելու, «ժիհատականները» ապահովելու, ինչպէս նաեւ սիւննի համայնքին անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար:
ՏԱՀԵՇ իր կարգին սպառնաց գլխատել առեւանգուած բանակայիններ Սէյֆ Զըպիանը եւ Խալետ Հասանը, եթէ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի փոխանցուած իրենց պահանջները չգործադրուին:
Իր կարգին, Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ ինք առեւանգող կողմերէն ստացած է պահանջներ եւ զանոնք փոխանցած տուեալ մարմիններուն:
Նշենք, որ ձերբակալեալ ահաբեկիչ Ահմետ Սելիմ Միքաթի խոստովանեցաւ, որ իրենք կը պատրաստուէին ահաբեկչական գործողութեան մը, որ պիտի գործադրուէր ամիս մը ետք եւ որուն իբրեւ արդիւնք իրենք պիտի կարենային գրաւել Սիր Տըննիէն, Ասունը եւ Պեքաասաֆրինը եւ այդ տարածքը պիտի յայտարարէին ՏԱՀԵՇ-ի էմիրութիւն:
Միքաթի շեշտեց, որ այս ծրագիրին մասին Շատի Մաուլաուի եւ Ուսամա Մանսուր տեղեակ էին:
Պհանինի Մէջ
Պհանինի մէջ բանակին եւ զինեալներուն միջեւ բախումները շարունակուեցան: Բախումներէն ետք բանակը կրցաւ ձերբակալել Պհանինի պարտէզները ապաստանած զինեալներ:
Նշեալ գործողութիւններուն ընթացքին թեթեւօրէն վիրաւորուեցաւ բանակի սպայ մը:
Սայտայի Մէջ
Սայտայի մէջ լիբանանեան բանակը գործադրեց ներխուժումներ եւ կատարեց ձերբակալումներ` հիմնուելով ապահովական գաղտնի տեղեկութիւններու վրայ:
Ըստ այդ տեղեկութիւններուն, Ահմետ Ասիրի հետեւորդ չորս ահաբեկիչներ Սայտայի մէջ պիտի կատարէին ապահովական հսկայ գործողութիւն մը` թիրախ դարձնելով զինուորական կեդրոն մը:
Հին Սայտայի մէջ բանակը ներխուժեց բնակարան մը, ուր կը գտնուէին մեծ քանակութեամբ զէնքեր ու զինամթերք, եւ գրաւեց զանոնք:
Բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ իր խումբերէն մէկը ներխուժած է պաղեստինցի Ահմետ Ատնան Շարաֆի բնակարանը եւ զայն չէ գտած:
Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ Շարաֆ բանակին դէմ գործողութիւն պիտի գործէր: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Շարաֆի բնակարանէն գրաւուած են մեծ թիւով գնդացիրներ, նռնականետեր, ինչպէս նաեւ ձեռնառումբեր եւ հրթիռներ:
Բանակին Նկատմամբ Զօրակցական
Կեցուածքներ
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ, շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան ընդգծեց բանակին նեցուկ կանգնելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարող լիբանանեան բանակին զօրակցութիւնը ազգային պարտականութիւն է:
Նախկին վարչապետ, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ, որուն զօրակցութիւն յայտնեց եւ անհրաժեշտ նկատեց հիւսիսային Լիբանանէն ահաբեկչութիւնը արմատախիլ ընելը:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ բանակի հրամանատարին հետ` շեշտելով իր ամբողջական զօրակցութիւնը բանակին նկատմամբ եւ ընդգծելով, որ բանակը կը ջանայ Լիբանանի մէջ կայունութիւնը ապահովել եւ լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը երաշխաւորել:
Ժոմպլաթ բարձր գնահատեց ամէն իմաստով բանակին կատարած զոհողութիւնները եւ ցաւակցութիւն յայտնեց բանակի նահատակներուն, որոնք զոհուեցան զինուորական գործողութիւններուն ընթացքին:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ զօր. Քահուաժիի հետ եւ անոր փոխանցեց, որ լիբանանցիները ամբողջութեամբ կը զօրակցին լիբանանեան բանակին` ահաբեկչութեան դէմ իր մղած պայքարին մէջ:
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ սկսած պատերազմը պիտի շարունակուի եւ վերջ պիտի չգտնէ առանց յստակ լուծումի:
Նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ ընդգծեց բանակին զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ եթէ Թրիփոլիի մէջ բանակը պարտուի, ապա Լիբանանը պիտի պարտուի:
Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին` հաստատելով, որ հաւատադրժողական այս խմբաւորումները Լիբանանի սիւննի համայնքը չեն ներկայացներ:

