Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Մայատին Դժուար Յաղթանակ Մը Արձանագրեց

Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Մայատին դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 5-3 արդիւնքով յաղթեց Ռապիհին:

Սեն Ժոզեֆ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Շուէյֆաթի, «Էյ. Եու. Էս. Թի.»` Ալամունի, իսկ Կանըրզ Լեպանոն` Ղըպէյրիի (5-4):

Թրիփոլիի մէջ տիրող անապահով կացութեան պատճառով Թրիփոլի Ֆայհա – Լիբանանեան բանակ մրցումը յետաձգուեցաւ:

Ստորեւ` դասաւորումը.

ՄՐՑ. ԿԷՏ
1.- Պէյրութի դրամատուն 11 33
2.- Մայատին 12 33
3.- Լիբանանեան բանակ 11 27
4.- Թրիփոլի Ֆիհաա 11 21
5.- Սեն Ժոզեֆ 12 18
Share this Article
CATEGORIES