Մասնակցելու Համար Ուու Շուի Աշխարհի Ախոյեանութեան` ՀՄԸՄ Անթիլիասի Խումբը Մեկնեցաւ Չինաստան

1027_kung-fu-AvoՆախորդ շաբաթ ՀՄԸՄ Անթիլիասի խումբը մեկնեցաւ Շի Ժու քաղաքը (Չինաստան)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար ուու շուի աշխարհի 6-րդ ախոյեանութեան:

ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ, ինչպէս նաեւ մրցումներուն կը մասնակցի Աւետիս Սերոբեան:

Խումբին մաս կը կազմեն նաեւ` Սեւան Սերոբեան (թայ չի սթայլ) եւ Աւօ Մանճեան (սհանկ չուան եւ տաօ շու):

Այս ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ 24-30 հոկտեմբերին: Անկէ անմիջապէս ետք ՀՄԸՄ-ի մարզիկները պիտի մասնակցին Շենկ Տու քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք թայ չիի աշխարհի առաջին ախոյեանութեան:

Այս երկրորդ ախոյեանութիւնը պիտի ըլլայ թայ չիի ողիմպիականի օրէնքներուն հիմամբ:

Հոն խումբին պիտի միանան նաեւ Վիգէն Տեմիրճեան եւ Պարպարա Ռասի:

Պէտք է ըսել, որ վերոնշեալ բոլոր մարզիկները ապագայի հաշուոյն շատ մեծ դեր կը խաղան Լիբանանի մէջ թայ չիի մարզաձեւին տարածման իմաստով, եւ ատիկա բնականաբար շնորհիւ աշխարհահռչակ մարզիչ եւ մարզիկ, ինչպէս նաեւ վարպետ եւ միջազգային իրաւարար Աւետիս Սերոբեանի ներկայութեան, որ ՀՄԸՄ-ի շուքին տակ կը պատրաստէ նոր ախոյեաններ:

Նշենք, որ Աւետիս Սերոբեան, որ երկու անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած է թայ չի – ուու շուի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի եւ Փեթլըսնըսի հովանաւորութեամբ պատրաստած է վերոնշեալ մարզիկները` մասնակցելու համար թայ չիի տարբեր տեսակի մրցումներուն:

Եզրափակելով տեղեկացնենք, որ առաջին անգամ ըլլալով թայ չիի աշխարհի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ երկու տարին անգամ մը, մինչեւ 2020-ի ողիմպիական խաղերը, երբ անիկա պաշտօնապէս նկատի պիտի առնուի իբրեւ ողիմպիական խաղ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES