«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ. Ժան Ապաճեանի Յիշատակին Նուիրուած Փինկ Փոնկի Տարիքային Մրցաշարք
Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան փինկ փոնկի յանձնախումբին, կիրակի, 26 հոկտեմբերին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ փինկ փոնկի տարիքային երկսեռ մրցաշարք մը` նուիրուած Ժան Ապաճեանի յիշատակին:
Առաւօտեան ժամը 9:00-ին սկսած եւ կէսօրուան ժամը 12:00-ին աւարտած այս մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ 50-է աւելի մարզիկներ, ընթացաւ բաւական հետաքրքրական եւ մարզական մթնոլորտի մէջ:
Աւարտին մրցանակաբաշխութիւնը կատարեց Ժան Ապաճեանի այրին` Նորա Ապաճեան, ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Մումջողլեանի եւ վարչութեան մարզական խորհուրդի պատասխանատու Վաչէ Ծատուրեանի:
Նշենք, որ այս մրցաշարքին տեւողութեան մրցումներուն բոլոր դասաւորումները կատարեցին ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջկանց խումբին մաս կազմող Նոել Քէշիշեան եւ Լարա Քեչեպաշեան:
Ստորեւ` մրցումներուն արդիւնքները.
1999 – 2000 – 2001-ի ծնունդ տղաք.
1.- Սերժ Սեֆիլեան
2.- Գէորգ Գըճըլեան
3.- Նարեկ Փանոսեան
Անթոնի Գաբրիէլեան
2005 – 2006 – 2007 – 2008-ի ծնունդ աղջիկներ.
1.- Կալինա Զէյթունեան
2.- Իվանա Շալհուպ
3.- Իլարիա Շալհուպ
Մեղեդի Գանթարճեան
2005 – 2006 – 2007 – 2008-ի ծնունդ տղաք.
1.- Էնտրու Աբրահամեան
2.- Սերժ Թաշճեան
3.- Քրիստ Մելքոնեան
Անթոնի Մելքոնեան
2002 – 2003 – 2004-ի ծնունդ տղաք.
1.- Ռիչըրտ Քեսմէեան
2.- Արտակ Ասատուրեան
3.- Արման Նաճարեան
Մարք Շալհուպ
2002 – 2003 – 2004-ի ծնունդ աղջիկներ
1.- Թիլա Պըլտեան
2.- Ռիթա Յակոբեան
3.- Մեղեդի Մկրտիչեան
1999 – 2000 – 2001-ի ծնունդ աղջիկներ
1.- Ճենիֆըր Խայեաթ
2.- Սեւան Չեքմէեան
3.- Արին Գապասաքալեան
Լարա Գապասաքալեան

