Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Մի՛ յուսալքուիք կեանքը ելեւէջ մըն է համբերատար եղէք եւ բոլոր հարցերը կը լուծուին:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր շուրջի իրարանցումներէն մի՛ ազդուիք , հանդարտ մնացէք, համբերատար եղէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ դրամատան հարց ունիք, մի՛ տկարանաք, շուտով ամէն խոչընդոտ կը հարթի:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ջղային էք, ուշադիր եղէք, բանակցութեան մը ընթացքին կրնաք ետ քայլ ընել, որ ձեզի կրնայ վնասել:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շատ զբաղած էք, յաւելեալ գործեր մի ստանձնէք, կրնաք յոգնիլ, հանգիստը կարեւոր է ձեզի:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Առանձին կատարուած մարզանքը աւելի օգտակար է քան խմբայինը, սակայն նուազ հաճելի է:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մի՛ սպասէք որ ներղութիւն խնդրեն ձեզմէ, բան մը որ պիտի չըլլայ, աւելի կարեւոր հարցեր կան:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Բազմատեսակ հարցեր կը մտահոգեն ձեզ: Երիտասարդ ծնողներ պէտք է համբերատար ըլլան:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կեանքի դժուար պայմաններ միշտ ներկայ են, ուշադիր եղէք յաւելեալ ծախսեր ընելէ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Վստահութիւն ունենալը լաւ բան է, սակայն չափազանցութեան պէտք չէ երթալ, տրամաբանել ալ պէտք է:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Օրը ժխտական է ուշադիր եղէք ձեր առողջութեան:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ուրիշներու վրայ շատ մի վստահիք, դուք ձեր դատողութեամբ որոշումներ առէք:

Share this Article
CATEGORIES