50 Տարի Առաջ (29 Հոկտեմբեր 1964)

Խմբագրական

Հայ Դատին Իրաւատէրը
Հայ Ժողովուրդն Է

Արտասահմանի հայկական կեանքը եռեւեփի մէջ է: Երկրէ երկիր, գաղութէ գաղութ նոյն հրատապ հարցն է, որ այսօր կը զբաղեցնէ քաղաքական ղեկավարութեան միտքը, Հայ դատին առնչութեամբ:

Որքան կը մօտենայ Մեծ եղեռնի յիսնամեակը այնքան աւելի հայ մամուլը կը զբաղի Հայ դատով, որ աւելի քան երբեք հողերու խնդիր է ներկայիս: Բայց որքան կը նկատենք, շփոթ կը տիրէ տակաւին մտքերու մէջ, եւ այլազան առաջարկներ կ՛ըլլան` աւելի կամ պակաս իրապաշտութեամբ:

Հիմնականը մեր Դատին սահմանումն է եւ` զայն արծարծելու եղանակը, հետագային ձգելով այն գործնական քայլերը, որոնք կրնան առնուիլ պայմաններու ներած չափով եւ ստեղծուելիք նոր կացութիւններու լոյսին տակ:

Յստակ է մասնաւորաբար այն իրողութիւնը, որ Հայ դատը, այս առթիւ, խնդիրն է այն հողերուն, որոնք այսօր կը գտնուին Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ, աւելի քան քառասուն տարիէ ի վեր դատարկուած հայ ժողովուրդէն. աւելի ճիշդը` հայ ժողովուրդի այն հատուածէն, որ կազմած է սփիւռքը:

Ուստի, գաղթաշխարհի հայութիւնն է իսկական իրաւատէրը այդ հողերուն, եւ որեւէ պահանջ պիտի ներկայացուի անոր անունով: Մօտ մէկուկէս միլիոն հայութիւն, Եղեռնէն յիսուն տարի ետք, ամրօրէն կառչած իր անկորնչելի իրաւունքներուն, կազմակերպուած իբրեւ քաղաքական ազդակ եւ ազգային միաւոր, տասնամեակներէ ի վեր չէ դադրած ամէնօրեայ պահանջատէրը ըլլալէ: Հանրային իր գործունէութեան առանցքը հանդիսացած է Հայ դատը, միշտ անոր ձգտած է, անոր համար ապրած է ու ստեղծագործած: Ու այսօր, երբ այլեւս ժամանակը հասած կը նկատուի միասնական ճակատով հայկական հարցը արծարծելու միջազգային ատեաններու առջեւ, գաղթաշխարհի հայութիւնը կը հանդիսանայ այն հիմնական ազդակը, որուն իրաւատէրի հանգամանքը առաւելագոյն չափով պէտք է արժեւորուի` ի նպաստ համազգային Դատին:

Ներկայ պարագաներու ներքեւ անհարկի քայլեր եւ անժամանակ առաջադրանքներ կրնան ստեղծել քաղաքական անխուսափելի բարդութիւններ, որոնք ոչ մէկ նպաստ կրնան բերել մեր հիմնական նպատակի իրագործման, որ անպայմանօրէն թրքահայ հողերու վերադարձն է հայ ժողովուրդին:

Քառասուն տարի շարունակ հայ քաղաքական մտքին ամէնօրեայ մտածման առանցքը կազմեց Հայ դատը, որ ո՛չ այսօր ծնաւ եւ ոչ ալ Յիսնամեակով կրնայ սկսիլ ու անով ալ վերջանալ: Յիսնամեակը պարզապէս առիթ մըն է` գաղթաշխարհի հայութեան լսելի դարձնելու իր ձայնը միջազգային ատեաններու առջեւ, ու այս անգամ` համազգային ծանրութեամբ եւ կշիռով, որպէսզի չկրկնուին անցեալի սխալները:

Այսօր, գաղթաշխարհի հայութիւնը, աւելի քան երբեք, գիտակից է ազգային տեսակէտէն եւ անտեղիտալի կերպով կառչած կը մնայ իր իրաւունքներուն: Մէկուկէս միլիոնի հասնող այս ժողովուրդը, թէեւ զանազան երկինքներու տակ, բայց գտած է իր ներքին միութիւնը, որ կը բիւրեղանայ հայկական հողերու վերադարձի պահանջով: Կը կարծենք, որ լաւագոյն ուղին ընտրած կ՛ըլլանք եթէ խօսինք այդ հայութեան անունով եւ ոչ թէ հրապարակ նետենք այնպիսի առաջարկներ, որոնք անպայմանօրէն մեզ պիտի մտցնեն միջազգային քաղաքականութեան բաւիղներուն մէջ, ուրկէ դուրս ելլելը շատ դժուար պիտի ըլլայ:

Կը յուսանք, որ հիմնական եւ կարեւոր այս պարագան պիտի ըմբռնուի մեր իրաւունքներու արդարութեան շուրջ այլապէս միասնակամ կազմակերպութիւններու կողմէ:

Կը հաւատանք նաեւ, թէ քառասուն տարիներու փորձառութիւնը պէտք է բաւական եղած ըլլայ, որպէսզի աւելի իրապաշտ մօտեցումի մը ակնկալութիւնը ունենանք բոլոր այն կազմակերպութիւններէն, որոնց դեր մը վիճակուած է մեր Դատի հետապնդման մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES