«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Ծանր Բախումներ Լեռնային Շրջաններուն Եւ Պէյրութի Առեւտրական Կեդրոնին Մէջ.- Նոր Սիսի Եւ Թրատի Ռմբակոծումները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

15398931088_ecdcfc724f_oԼիբանանի լեռնային  ճակատներուն վրայ, Ֆարայայի եւ Այուն Սիմանի դիրքերուն շուրջ բուռն բախումները կը շարունակուէին փաղանգաւոր եւ յառաջդիմական ուժերուն միջեւ: Յառաջդիմականները զգալի յառաջխաղացք արձանագրեցին եւ կարեւոր դիրքեր գրաւեցին, բայց չորեքշաբթի, 29 մայիս 1976-ի երեկոյեան փաղանգաւորները զօրացուցին իրենց դիրքեր, եւ երկու հազար միլիսներով հակայարձակումի անցան: Պշարրէի, Լաքլուքի եւ Արզի շրջանէն փոխադրուած բանակայիններ միացան փաղանգաւորներուն, որոնք ձիւնի տակ երկար կռիւներ մղեցին:

Այուն Սիման գիւղը քանի մը յարձակումներու ենթարկուեցաւ, բայց մնաց փաղանգաւորներու հակակշիռին տակ: Յառաջդիմական ուժերը հեռացան բարձունքներէն եւ նահանջեցին գիւղէն ութ քիլոմեթր վար գտնուող շրջաններ:

Քեսրուանի սահմաններէն ետ մղուելէ ետք յառաջդիմականներ իրենց թնդանօթները զետեղեցին Մաժտալունի մէջ եւ դիրքեր հաստատեցին Պաալպէք-Մաժտալուն-Ժապալ Սաննին եռանկիւն ճակատին վրայ:

Այուն Սիման-Հատէս Պաալպէք ճակատին վրայ կռիւները շարունակուեցան զրահապատ կառքերուն, հրասայլերով եւ աննահանջ թնդանօթներով:

***

Մարտ 11-ի յեղաշրջական շարժումի ղեկավար եւ ինքզինք զինուորական առժամեայ կառավարիչ հռչակած զօրավար Ազիզ Ահտապ ուրբաթ, 21 մայիս 1976-ին յայտարարեց, որ վերջ կու տայ իր շարժումին եւ կը հրաժարի զինուորական բոլոր պաշտօններէն:

Ան դիտել տուաւ թէ իր շարժումը կարելի միակ քայլն էր անիշխանութեան, արիւնահեղութեան ու պետական հաստատութիւններու քայքայման մթնոլորտին մէջ, պատմականօրէն անխուսափելի քայլ մը` փորձելու փրկել ինչ որ կարելի էր, մանաւանդ` բանակը:

Ահտապ շեշտեց, թէ իր շարժումը զինուորական ըլլալէ առաջ իմացական-մտաւորական է, հիմնուած` Էմիր Ֆախրէտտինի ազգային սկզբունքներուն վրայ ու անոնցմէ ներշնչուած:

Զօրավարը նշեց, որ իր ամբողջ ուժն ու կարողութիւնները պիտի դնէ այդ սկզբունքներուն իրականացման ի սպաս, նպատակ ունենալով. ա) միաւորել բանակն ու ժողովուրդը, կազմելով ֆախրէտտինեան ազգային պահակագունդ մը, որ թիկունք ըլլայ բուն բանակին, բ) միաւորել ժողովուրդը, որ վերծուեցաւ հակամարտ խմբաւորումներու, եւ գ) միաւորել երկիրը, որ բաժան-բաժան եղաւ եւ կազմուեցան փոքր պետութիւններ:

***

Պէյրութի կեդրոնական հրապարակներուն վրայ մուրապիթուններ երեքշաբթի, 25 մայիսին յարձակողական մը շղթայազերծեցին փաղանգաւորներու դիրքերուն վրայ:

Մուրապիթունները մտան կերպասներու շուկան, ուրկէ կրակ բացին Ֆոշ ճամբուն վրայ գտնուող փաղանգաւորներու պատնէշներուն վրայ, որոնք հակազդեցին:

Ֆաթթալ շէնքը, որ նոր Հոլիտէյ Ին մը եղած էր, սաստկօրէն ռմբակոծուեցաւ, բայց շէնքին մէջ գտնուող ութ փաղանգաւորները կրակ բացին «Սուրիա-Լիբանան» դրամատան շէնքին առջեւ գտնուող զինեալներուն վրայ:

Պապ Իտրիսէն, Մաարատէն եւ Ուէյկան պողոտային անկիւնէն մուրապիթուններ հրասայլերով եւ զրահապատներով ռմբակոծեցին փաղանգաւորներուն դիրքերը եւ Ռեժանթ պանդոկը, որուն մէջ կը գտնուէին փաղանգաւոր արձակազէններ: Փաղանգաւորները հակաօդային ռումբեր եւ պազուքաներ գործածելով չորս զրահապատ կառքեր քանդեցին եւ երկու հրասայլեր անգործածելի դարձուցին:

Երկու կողմերէն ինկած զոհերուն մարմինները Ֆախրի Պէյ ճամբան տարուելով հրկիզուեցան:

Յաջորդ օր, մայիս 26-ին մուրապիթուններու գրոհի քոմանտոն մտաւ Ապտէլ Ուահապ Ինկլիզի ճամբան, քանի մը փաղանգաւորներ սպաննեց եւ 500-նոց գնդացիր մը փճացնելէ ետք վերադարձաւ:

Պէյրութի արեւելեան եւ արեւմտեան շրջանները իրարու կապող միակ գործածելի ճամբան Պարպիրի լայն պողոտան էր, որ Պէյրութի կռիւներուն օդաչափի գործիքին կը նմանէր եւ մերթ կը բացուէր ու մերթ կը փակուէր:

Երկու շրջաններէն ճամբայ ելլող քաղաքացիներ այդ սահմանէն կ՛անցնէին, բայց Պարպիր եւ Օթէլ Տիէօ հիւանդանոցներուն առջեւ դիրք բռնող զինեալները յաճախ արգելք կը հանդիսանային, «Ղաննաս կայ» ըսելով:

Դամասկոս պողոտային վրայ մուրապիթուններ մայիս 27-ին մտան նախկին ոստիկանատան շէնքին դիմացը գտնուող շէնքի մը մէջ, ուրկէ կրակ բացին փաղանգաւորներուն եւ ազատականներուն վրայ եւ նոր դիրքեր գրաւեցին Տահտահ ճամբուն վրայ: Յաջորդ օր անոնք մտան Ֆոշ պողոտան եւ գրաւեցին նոյն ճամբուն վրայ գտնուող քանի մը շէնքեր:

Այնուհետեւ մուրապիթուններ եւ յառաջդիմական ուժեր լայնածաւալ յարձակումներ շղթայազերծեցին Սէյֆիի մօտ, Օթոմաթիք-Ռեժանթ պանդոկին եւ Ֆաթթալ շէնքի ճակատներուն վրայ, հասնելու համար Սէյֆիի սկիզբը գտնուող փաղանգաւոր կուսակցութեան կեդրոնը:

Յարձակումը տարուեցաւ բոլոր ճակատներէն եւ յաջողելու հաւանականութիւններ ունէր, բայց ձախողեցաւ:

***

Տըքուանէ -Սին էլ Ֆիլ-Նապաա ճակատին վրայ ռմբակոծումները դադար չունէին, իսկ արձակազէններ անշարժութեան մատնած էին Սին Էլ Ֆիլ-Նահր- Արագած-Նոր Սիս-Նապաա ճամբաները:

Շաբաթ, 29 մայիսի յետմիջօրէին ռումբ մը ինկաւ Նոր Սիսի Սուրբ Սարգիս եկեղեցիին վրայ, քանդելով գմբէթն ու խորանը: Ասիկա երկրորդ անգամ էր որ ռումբ կ՛իյնար նոյն եկեղեցիին վրայ: Առաջինը պատահած էր քանի մը ամիս առաջ, սուրբ պատարագի պահուն, երբ ռումբը ծակած էր առաստաղը եւ ինկած ներս` վիրաւորելով 12 հոգի, առանց պայթելու:

Կիրակի, 30 մայիսին երկրորդ օրը ըլլալով Նոր Սիսի շրջանը ենթարկուեցաւ ռումբերու տարափի մը: Ռումբ մը ինկաւ Եղիսաբէթ Յակոբեանի տան վրայ, երբ ան Սուրբ Գիրք կը կարդար եւ տարեց կնոջ մահը եղաւ անմիջական: Երկրորդ ռումբ մը ինկաւ Աւետիս Կերեքմեզեանի տան վրայ, ծակելով առաստաղը: Երրորդ ռումբ մը ինկաւ Ալ Ահրամ վառեակներու վաճառատան վրայ եւ քանդեց ամբողջ խանութը: Հրթիռ մը ինկաւ Արշակունի Ռաֆայէլեանի տան պարտէզին մէջ, իսկ ուրիշ մը` Էտուար Ատուրեանի տան կից:

Ռումբերու տարափի մը ենթարկուեցաւ նաեւ Արագած թաղը, ուր վիրաւորուեցան վեց հայեր:

***

Մուրապիթուններ եւ յառաջդիմական ուժերը երկուշաբթի, 31 մայիսին Պէյրութի կեդրոնական հրապարակներուն վրայ լուրջ յարձակումներ շղթայազերծեցին, հասնելու համար Սէյֆիի սկիզբը գտնուող փաղանգաւոր կուսակցութեան կեդրոնը:

Թնդանօթները անընդհատ կը պարպուէին, հակաօդային ռումբեր կ՛արձակուէին եւ 500-նոց ու 800-նոց գնդացիներ գործի անցած էին յատկապէս Սէյֆիի մօտ, Օթոմաթիք-Ռեժանթ պանդոկին եւ Ֆաթթալ շէնքի ճակատներուն վրայ:

Յարձակումը տարուեցաւ բոլոր ճակատներէն ու շէնքերէն եւ նոյն ժամերուն ռումբեր արձակուեցան դէպի Ժըմէյէլի, Թապարիս, Ամփիր ու Մոնօ:

Յարձակումը, որ յաջողելու լուրջ հաւանականութիւններ ունէր, անգամ մը եւս ձախողութեամբ վերջապէս եւ տասնեակներով զինեալներ սպաննուեցան ու վիրաւորուեցան:

Նոյն ժամերուն յառաջդիմական ուժերը մեծ յարձակում մը շղթայազերծեցին Հատէթի մէջ եւ 450 մեթր յառաջացան իրենց դիրքերէն, բայց ազատականները մեծ դժուարութեամբ զսպեցին այս յառաջացումը եւ երկուքուկէս ժամ տեւող կռիւները խլեցին 21 զոհ եւ 30-է աւելի վիրաւորներ, որոնցմէ հինգը ազատականներ էին: Ազատականները թնդանօթներով ետ մղեցին իրենց հակառակորդները:

15399444970_91db21f861_oՍին Էլ Ֆիլի եւ Նապաայի մէջ այդ օր անհամար ռումբեր ինկան: Քաոսային վիճակ կը տիրէր մանաւանդ Նապաայի եւ Պուրճ Համուտի մէջ:

Նապաայի եւ Պուրճ Համուտի մէջ ինկան 70 ռումբեր, մինչ 80 ուրիշներ ցնցեցին Թէլ Զաաթարը եւ մօտակայ շրջանները: Նապաայի մէջ տասը տղաք զոհուեցան եւ 75 անմեղներ վիրաւորուեցան:

Պուրճ Համուտի շրջանը ինկող ռումբերը բազմաթիւ հայ վիրաւորներ խլեցին Թրատի շրջանէն, ուր մահացաւ նաեւ 19-ամեայ Յարութիւն Պալեոզեան:

Զանգուի մօտ եւս հրթիռ մը ինկաւ, մինչ զանազան շրջաններ անշարժացան մարդորսներու պատճառով:

***

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հոլովոյթին անդրադառնալով, «Ազդակ» 1 յունիս 1976-ի թիւով եւ «Առնուազն 25.000 սպանեալ. լիբանանցիք իրարու հանդէպ աւելի վայրագ եղան քան նացիները Եւրոպայի մէջ» խորագիրով լրատուութեամբ կը գրէր.

«Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին իւրայատուկ յատկանիշներէն մէկն է պատերազմական արարքներու մասին գոյութիւն ունեցող Ժընեւի պայմանագրութեան բոլոր պատերազմիկներուն կողմէ բռնաբարումը, որ դատապարտուեցաւ վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի կողմէ:

Աւելի քան տասներեք ամիսէ ի վեր, երկու կողմերու պատերազմիկները կատարեցին անհամար արարքներ, որոնք դիտողներու կողմէ անվարան որակուեցան «պատերազմական ոճիրներ». քաղաքային բնակչութեանց ռմբակոծում, պատանդառում եւ առանց դատ դատաստանի գնդակահարում, գիւղերու ամբողջական քանդում, լայն աստիճանի վրայ կողոպուտ, պաշտամունքի վայրերու սրբապղծում, վիրաւորներու սպանութիւն, ռազմագերիներու չարչարանք եւ բռնութեան այլ արարքներ:

Ամիսներէ ի վեր, լիբանանեան մամուլը լեցուն է այս տեսակ արարքներ ներկայացնող նկարներով եւ սահմռկեցուցիչ նկարագրականներով եւ, հակառակ մարդկային ամէնէն նախնական ըմբռնումները յարգելու կրկնակի կոչերուն, նախճիրը կը շարունակուի անխնայ:

Այսպէս, անցեալ մարտ 11-ին նախագահ Ֆրենժիէի դէմ զօրավար Ազիզ Ահտապի կատարած «պետական հարուած»-էն ի վեր, քաղաքացիական պատերազմը, ըստ մասնակի եւ բոլորովին անպաշտօն հաշուեկշիռի մը, խլած է առնուազն հինգ հազար սպանեալ եւ վեց հազար վիրաւոր: Արդարեւ, յաճախ անկարելի է Պէյրութէն դուրս` զանազան շրջաններու մէջ ինկած զոհերուն թիւը իմանալ, որովհետեւ հաղորդակցութիւնները կտրուած են եւ ձեռք բերուած թիւերը իրականութենէն շատ վար կը մնան:

Անցեալ փետրուարին, քաղաքացիական պատերազմի սկիզբէն իսկ կատարուած բախումներուն հաշուեկշիռը լիբանանցի բազմաթիւ պատասխանատուներու կողմէ կը գնահատուէր քսան հազար սպանեալ եւ քառասուն հազար վիրաւոր: Այսուհետեւ, այդ թիւը պէտք է ըլլայ քսանհինգ հազար սպանեալ եւ յիսուն հազար վիրաւոր, եթէ ոչ աւելի: Մեծ մասը քաղաքայիններ:

15582395021_cf2e9a7d69_bՄիւս կողմէ, Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն ծանուցած էր թէ մօտ հարիւր յիսուն հազար հոգի անմիջական պէտք ունին բժշկական խնամքի եւ սնունդի, մինչ կը կարծուի թէ կէս միլիոն լիբանանցիներ հեռացած են երկրէն:

Լիբանանի բնակչութեան հետ բաղդատած (3.5 միլիոն քաղաքացիական պատերազմէն առաջ), այս թիւերը շատ մեծ են: Հասկնալի դառնալու համար, բաղդատենք Ֆրանսայի հետ: Ֆրանսա ունի յիսուն միլիոն բնակիչ, եւ այդ պարագային մէկ միլիոն եօթը հարիւր հազար ֆրանսացիներ սպաննուած կամ վիրաւորուած պիտի ըլլային:

Զոհերու ամէնօրեայ թիւը ոստում կրեց, երբ լիբանանեան բանակը քայքայուեցաւ եւ ծանր հրետանին գործի անցաւ: Խոշոր թնդանօթներ եւ ծանր հրասանդներ կը գործածուին Պէյրութի բազմամարդ եւ բնակարանային թաղերուն դէմ, ինչպէս նաեւ այս կամ այն կողմի ուժերով պաշարուած գիւղերը ճզմելու համար: Անցեալ մարտ 11-էն ի վեր, օրական միջին հաշուով եօթանասուն հոգի կը սպաննուի Պէյրութի մէջ:

Բացի ատկէ, ամբողջ գիւղեր եւ մեծ աւաններ գրեթէ ամբողջութեամբ ջնջուեցան Լիբանանի քարտէսէն:

Իսկական ջարդեր տեղի ունեցան մասնաւորաբար անցեալ դեկտեմբերին: Այս ջարդերը, թիւով եւ սահմռկումով գլեցին անցան Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին գերմաններու կողմէ գործուած ամէնէն վայրագ ոճրային արարքները: Այսպէս, «Սեւ Շաբաթ» մը,  դեկտեմբեր 6, աւելի քան երկու հարիւր իսլամներ առանց այլեւայլի գնդակահարուեցան փողոցներու մէջ, Պէյրութի կեդրոնը, իբրեւ փոխադարձութիւն մէկ օր առաջ լեռնային ճամբու մը վրայ չորս փաղանգաւորներու սպանութեան: Բաղդատութեան համար, կարելի է յիշեցնել թէ 1942-ին, գերման միաւոր մը նոյն թիւով անմեղներ գնդակահարած էր Լիտիսի մէջ, Չեխոսլովաքիա, իբրեւ փոխադարձութիւն Պոհեմիա – Մորաւիոյ կուսակալ Ռեճհարտ Հայտրիխի դէմ գործուած մահափորձին: Այս ջարդը պատմութեան մէջ կը յիշուի իբրեւ ուշագրաւ թուական:

Քարանթինայի հիւղաւաններուն գրաւման ընթացքին, բազմահարիւր անձեր, մեծ մասամբ կիներ եւ երեխաներ, սպաննուեցան սարսռազդեցիկ պարագաներու մէջ: Քանի մը օր ետք, յառաջդիմական եւ պաղեստինեան ուժերը վրէժ լուծեցին, ամբողջովին քանդելով Տամուր քրիստոնէական գիւղը, որուն մօտ վեց հարիւր բնակիչները անգթօրէն ջարդուեցան: Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին, Ֆրանսայի Օրատուր-Սիւր-Կլան գիւղի բնակչութեան նացիներու կողմէ բնաջնջումը խլած էր 642 զոհեր:

15582410061_ac3391144b_oԼիբանանի կեդրոնական հովիտէն` Պեքաայէն անցնելով կարելի է նշմարել քրիստոնէական բազմաթիւ գիւղեր, որոնք ուրուական – գիւղի վերածուած են: Բոլորովին ամայի, տուները` առանց տանիքի, դուռի եւ պատուհանի:

Յառաջդիմական մարտիկները ընդունեցին թէ Պէյրութի ծովեզերեայ մեծ պանդոկներու գրաւման ընթացքին գերիներ չբռնեցին: Արդարեւ, մինչեւ հիմա միայն երկու փաղանգաւոր ռազմագերիներ պատասխանատու իշխանութեան մը յանձնուած են Ահմետ Ժիպրիլի կազմակերպութեան մարտիկներուն կողմէ: Կը կարծուի թէ պատերազմի սկիզբէն ի վեր այս կամ այն կողմը ուրիշ ոեւէ ռազմագերի չէ ունեցած:

Լիբանանի մէջ, կռիւներու անգթութիւնը կը պարզէ նաեւ ուրիշ պատկեր մը. վիրաւորներ փոխադրող հիւանդատար կառքերը յաճախ թիրախ կը հանդիսանան կրակի հարուածներու, մինչ դարանակալ արձակազէններ ոչ ոքի թոյլ կու տան որ մարդիկ օգնութեան փութան փողոցին մէջ մահամերձ վիրաւորներու:

Նման վարմունքներ դատապարտող բազմաթիւ ձայներ բարձրացան: Միջազգային Կարմիր Խաչի Կոմիտէէն ետք (որուն հիւանդատար կառքերէն հինգը գողցուեցան Պէյրութի յառաջդիմական գօտիին մէջ), մարոնի պատրիարքը, Քամալ Ժոմպլաթ, հանրապետութեան միւֆթին, վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ ու ՖԱԹՀ-ի ղեկավարներէն մէկը` Ապու Այատ պատերազմիկներէն պահանջեցին նման «անմարդկային արարքներ»-ու չդիմել այլեւս:

Այս կոչերը մնացին ապարդիւն: Ծանր հրետանին դարձեալ շղթայազերծուեցաւ Պէյրութի բազմամարդ թաղերուն եւ օդակայանին դէմ:

Պէյրութցին այլեւս գիտէ թէ ի՞նչ է «մահուան դրացնութիւնը»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )