Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Երեք Ընտանիքի Համար Իրականացած Երազ`
«
Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի Եւ Հայաստանի
«
Ֆուլեր Տնաշինական Կեդրոն»-ի Համագործակցութեան Շնորհիւ

IMG_5921Այս տարուան սկիզբը ծնունդ առաւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի եւ Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն» համագործակցութեան ամէնէն լաւ գնահատականը` ընտանիքներու երջանկութիւնն է: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան եւ Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ի միացեալ խումբը այցելած է Երուանդաշատ ` կիսելու գիւղի 3 ընտանիքի երկար սպասուած երջանկութիւնը:

Սահմանամերձ Երուանդաշատ գիւղին մէջ 3 ընտանիք եւս այս աշունը դիմաւորած է ուրախ եւ հպարտ` առանց մտահոգուելու, թէ անձրեւներէն տանիքէն նորէն ջուր պիտի կաթի եւ կամ տաք ջուրի համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ օճախ վառել:  Անցեալին մնաց խոնաւ պատերու, խոնաւցած առաստաղի եւ ամէն անգամ քամիէն սուլող պատուհաններու տխուր յիշողութիւնը:

«Դեռ քանի մը ամիս առաջ յոյս անգամ չկար, որ այս ամառ այսքան արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ եւ պիտի կատարուի ընտանիքիս, նաեւ շատ մը համագիւղացիներուս նուիրական երազանքը: Ես շատ շնորհակալ եմ այս ծրագիրին, որ կ՛օգնէ կառուցելու ոչ միայն տուն, այլեւ կեանք, ոչ միայն պատեր, այլեւ` յոյս, ոչ միայն տանիք, այլեւ` հաւատք ապագայի նկատմամբ», նշած է Վարուժան Աւետիսեանը, որուն ընտանիքը երկար տարիներ ապրած է ծնողներու եւ եղբօր բազմանդամ ընտանիքին հետ` առանց կենցաղային տարրական յարմարութիւններու:

Հինգ ամսուան ընթացքին Երուանդաշատ գիւղին մէջ այս ծրագիրին շրջանակներուն մէջ վերանորոգուած է վեց եւ կառուցուած են երկու կիսակառոյց տուներ:

«Բնակարանամուտը ընտանեկան կեանքի մէջ կը խորհրդանշէ նոր սկիզբ` վերածնած յոյսեր, նոր ձգտումներ, նոր ծրագիրներ, որոնք հիւսուած են սիրով եւ սիրոյ թելերով` անցեալին ձգելով անյաջողութիւնները եւ հիասթափութիւնները: Այս յատկապէս կարեւոր կը դառնայ, երբ կը վերաբերի սահմանամերձ շրջաններուն: Սահմանագծին ապրող մեր հայրենակիցներուն նոր յոյս ներշնչելով` մենք անոնց ուժ եւ կորով կը հաղորդենք եւ այդպիսով կը վերահաստատենք մեր առաքելութիւնը եւ բարձրաձայն կը յայտարարենք մեր ազգային նպատակը. հայրերը ապրած են այս երկրին մէջ, մենք կ՛ապրինք այս երկրին մէջ, իսկ հետագային նաեւ մեր փոքրիկները պիտի ապրին այս երկրին մէջ` մեր նախնիներուն հայրենի տուն Հայաստանի մէջ: Այստեղ դրուած ամէն մէկ քարը մեր հոգիներուն եւ մեր միասնական ազգային ոգիին զօրութիւն կը պարգեւէ: Մենք ընդմիշտ ամուր պիտի մնանք այս սրբազան հողին վրայ: Մենք պարտաւոր ենք այդպէս ընելու եւ այս մեր ուղերձն է  իւրաքանչիւրին` ըլլայ այս երկրին վրայ եւ կամ անոր սահմաններէն դուրս», նշած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան:

«Մեր համագործակցութիւնը «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի հետ շատ բեղմնաւոր է, եւ ահա մենք կը տեսնենք արդիւնքները: Մինչեւ տարեվերջ Հայաստանի սահմանամերձ 4 գիւղի մէջ 25 ընտանիք պիտի ապրի յարմարաւէտ տուներու մէջ: Այս ծրագիրը սահմանին ապրող մեր հայրենակիցներուն կ՛օգնէ զգալու, որ մինակ չեն կանգնած առաջին գիծին վրայ», ըսած է «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ի նախագահ Աշոտ Եղիազարեանը:

Սահմանամերձ գիւղերուն մէջ բնակարանաշինութեան ծրագրին համար «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը կատարած է 55 միլիոն դրամի ներդրում, իսկ Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ը ստանձնած է այդ ծրագիրը իրականացնելու գործը:

Երեւանի Մէջ Նշուած Է Բանաստեղծ
Մուշեղ Իշխանի Ծննդեան 100-Ամեակը

1023mousheghishkhanԵրեւանի քաղաքապետարանը, Մուշեղ Իշխանի անուան թիւ 5 հիմնական դպրոցի աշակերտներու եւ ուսուցչական կազմի մասնակցութեամբ, կազմակերպած է բանաստեղծ, արձակագիր, թատերագիր, հրապարակախօս եւ մանկավարժ Մուշեղ Իշխանի 100-ամեակին նուիրուած յուշ–երեկոյ: Առնօ Բաբաջանեանի անուան համերգային դահլիճին մէջ ցուցադրուած էին բանաստեղծին կեանքին եւ ստեղծագործական ուղիին նուիրուած փաստավաւերագրական նիւթեր, լուսանկարներ:

Ներկայ էին Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան, քաղաքապետարանի աշխատակազմի հանրակրթութեան վարչութեան նախագահ Գայեանէ Սողոմոնեան, ինչպէս նաեւ` գրողներ, սփիւռքահայ հիւրեր եւ աշակերտներ: Քաղաքապետին անունով ողջունելով ներկաները եւ ընդգծելով, որ 2014 թուականը յայտարարուած է Մուշեղ Իշխանի ծննդեան յոբելենական տարի, Արամ Սուքիասեան կարեւոր նկատած է հայ գրականութեան մէջ իրենց ուրոյն դրոշմը ունեցած ստեղծագործողներու մեծարումը եւ նոր սերունդի դաստիարակութեան հարցին մէջ անոնց գրական ժառանգութեան դերը:

Հանդիսութեան ընթացքին պարգեւատրուած են բանաստեղծին 100-ամեակին նուիրուած ասմունքի համաքաղաքային մրցոյթին յաղթած եւ աշակերտական գիտական ընթերցումներու մրցանակին արժանացած աշակերտները: Բանաստեղծին անունը կրող դպրոցին սաները եւ Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հաստատութեան ուսանողները կարդացած են գրողին ստեղծագործութիւններէն, բեմադրուած են` «Ժամադրութիւն», «Ցուցափեղկին աղջիկը» եւ «Մեռնիլը որքան դժուար Է» գործերը:

Լոյս Տեսած Է «Ցեղասպանագիտական Հանդէս»
Գիտական Պարբերականի Երկրորդ Հրապարակումը

handes-arm2Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը հրատարակած է «Ցեղասպանագիտական հանդէս» գիտական պարբերականի երկրորդ հատորը: Հանդէսի երկրորդ հատորին մէջ զետեղուած են Ցեղասպանութեան պատմութիւնը, ընկերային, հոգեբանական, թանգարանագիտութեան, լեզուաբանութեան վերաբերող յօդուածներ:

Հատորին խմբագրականին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին տնօրէն, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղար Հայկ Դեմոյեան ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպման հայեցակարգային մօտեցումները:

Ինչպէս արդէն նշած ենք, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը սկսած է «Ցեղասպանագիտական հանդէս» գիտական պարբերականի հրապարակումը: Այս հանդէսին մէջ զետեղուելիք նիւթերը պիտի անդրադառնան Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան, պատմագրութեան, ինչպես նաեւ այս նիւթին առնչուող միւս հիմնական հարցերը եւ երեւոյթներուն լիարժէք եւ համապարփակ ուսումնասիրութեան:

Նշենք, որ հանդէսին համար յօդուածներ պատրաստելու եւ ուղարկելու կարգին կրնաք ծանօթանալ հետեւեալ հասցէով` http://genocide-museum.am/arm/Journal-of-Genocide-Studies.php

Անժէլ Մանուկեան Պարգեւատրուեցաւ Արցախի
Ազատագրութեան Մարտիկներուն Կողմէ

ARS_MANOUGIANԵրեւանի մէջ յատուկ հաւաքի մը ընթացքին Արցախի ազատագրութեան մարտիկներու հիմնարկը պարգեւատրեց Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի ՀՕՄ-ի վաստակաշատ անդամուհի Անժէլ Մանուկեանը, որ Համահայկական խորհրդաժողովին մասնակցելու համար եկած էր Հայաստան եւ ապա Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանի ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչ Սեւան Քոլեճեանի հետ քանի մը օրով այցելած էր Արցախ:

Յուշամետալը յանձնուեցաւ ազատամարտիկ, Հարմիկ Յովսէփեանին կողմէ, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց. «Կը շնորհաւորենք, ընկերուհի: Ինչ որ կատարած ես, երբեք չենք մոռցած ®մենք` արցախցիներս»:

Այս հաւաքին ներկայ էր նաեւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեանը:

«Պարգեւատրուած կը զգամ ո՛չ թէ անձիս, այլ կազմակերպութեանս` Հայ օգնութեան միութեան համար», ըսաւ Անժէլ Մանուկեան, որ 1968-էն ի վեր հետեւողական ձեւով կը կատարէ իր միութենական աշխատանքը:

Արցախի օժանդակութենէն առաջ, Սպիտակի երկրաշարժին ալ եւ ընդհանրապէս Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանին մէջ բոլոր ձեռնարկներուն, Անժէլ Մանուկեան անաչառօրէն աշխատած է եւ դեռ ալ կը շարունակէ գործել:

Բանաստեղծութեան Միջազգային Փառատօն Արցախի Մէջ

211014PoeziaArcaxMijParaton-InfoԱրցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 21 հոկտեմբերին ընդունած է Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցող Բանաստեղծութեան արցախեան միջազգային երկրորդ փառատօնի խումբ մը մասնակիցներ:

Նախագահ Բակօ Սահակեան գոհունակութեամբ նշած է, որ Արցախի մէջ այսպիսի փառատօնի կայացումը արդէն իսկ դարձած է աւանդական, աւելցնելով, որ նման նախաձեռնութիւններ կարեւոր դերակատարութիւն ունին մեր մշակոյթի զարգացման եւ Արցախը արտաքին աշխարհին ճանաչելի դարձնելու առումով:

Հանդիպման կը մասնակցէին Լեռնային Ղարաբաղի Գրողներու միութեան նախագահ Վարդան Յակոբեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

«Հայաստան» Հիմնադրամի Արժանթինահայ Բարերարներուն
Ներդրումով Վերանորոգուած Է Խաչարձանի Դպրոցը

1023Arto-Kalciyan«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի արժանթինահայ բարերարներ Արթօ եւ Հիլտա Քալչիյեանները կը շարունակեն բարեգործութիւնները Տաւուշի մարզի Խաչարձան գիւղին մէջ: Համայնքին նորակառոյց բժշկական կեդրոնը եւ հանդիսութիւններու սրահը օգտագործման յանձնելէ ետք, բարերար ամուսինները ստանձնած են գիւղի դպրոցին հիմնովին նորոգութիւնը: Շինարարական աշխատանքներուն պատճառով դպրոցի 66 աշակերտները ժամանակաւորապէս փոխադրուած են գիւղապետարանի շէնքը: Բայց եւ այնպէս 400 բնակիչ ունեցող Խաչարձանի մէջ ամոլին գործունէութիւնը այսքանով չի սահմանափակուիր: Յունիսին անոնք գիւղին դպրոցականներուն նուիրած են պայուսակներ եւ գրենական պիտոյքներ, իսկ գիւղի նորածին ունեցող չորս ընտանիք այս օրերուն նիւթական աջակցութիւն ստացած է անոնցմէ: Քալչիյեանները խոստացած են յառաջիկային եւս շարունակել օգնութիւնը` նորածին ունեցող ընտանիքներուն:

«Հայաստանի մէջ հարիւրաւոր գիւղեր մեր հոգածութեան ու աջակցութեան կարիքը ունին: Այդ համայնքներու կարիքներուն եւ յոյսերուն մենք, հաւանաբար, լուռ անտարբերութեամբ կը վերաբերինք: Անոնց կեանքը շատ դժուար եղած է, ներկայիս եւս բազմաթիւ հարցեր ունին: Վերջերս լոյս աշխարհ եկած փոքրիկները մեր երկրի մանուկներն են, մեզի պէս հայեր: Արդեօք ժամանակը չէ՞ համախմբուելու եւ մեր ջանքերը եւ զգացումները միաւորելու` իբրեւ մէկ ընդհանուր ազգ», Արժանթինի հայութեան կոչ ուղղած է Արթօ Քալչիյեան:

Խաչարձան համայնքի ղեկավար Գագիկ Շահնազարեան նշած է, որ Քալչիյեան ամուսինները պատրաստակամութիւն յայտնած են նաեւ ներդրումներ կատարելու գիւղին մէջ մեղուաբուծութիւնը զարգացնելու նպատակով: «Տէր եւ տիկին Քալչիյեանները նոր միացած են հիմնադրամի մեծ ընտանիքին, բայց արդէն շարք մը ծրագիրներ կեանքի կոչած են սահմանամերձ այս գիւղին մէջ: Անոնց արժանիօրէն շնորհուած է Խաչարձանի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում», յայտնած է «Հայաստան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան:

Տեղի Ունեցաւ «Խորէն Եւ Շուշանիկ Աւետիսեաններ Դպրոցի
Եւ Համայնքային Կեդրոն»-ի Բացման Արարողութիւնը

AvedisianSchoolIMG_15362Հոկտեմբերի 8-ին տեղի ունեցաւ Մալաթիա-Սեբաստիա թաղամասին մէջ կառուցուած «Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեաններ դպրոց եւ համայնքային կեդրոն»-ի եւ «Գրիգոր եւ Պէաթրիս Բիլեզիկեան» մասնաշէնքին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցած էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Վարդան վրդ. Նաւասարդեան, Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի եւ Ամերիկայի ներկայացուցիչները, վերապատուելիներ, Ազգային ժողովի երեսփոխաններ, պետական այրեր, միջազգային, հասարակական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, հիւրեր:

AGO--Avedisian-Ribbon-Cutting4Նոր մասնաշէնքին մուտքը երիզող ժապաւէնը կտրելէ ետք հիւրերը շրջեցան համալիրին մէջ: Այնուհետեւ նորաբաց դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ աւագ հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Մկրտիչ Մելքոնեանը:

Հանրապետութեան նախագահը հայապահպանութեան գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, բարերար Էդուարդ Աւետիսեանը պարգեւատրեց «Մովսէս Խորենացի» մետալով:

Շնորհակալութիւն յայտնելով բարձր պարգեւին համար` Էդուարդ Աւետիսեան կարեւոր նկատեց աջակցութիւնը կրող սերունդին հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը:

Բարերարին կինը` Փամելա Աւետիսեան,  կրթահամալիրին դաշնակ նուիրեց:

Ձեռնարկին ելոյթ ունեցան Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանը, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը, ՄԱԿ-ի հայաստանեան ներկայացուցիչ Պրետլի Պուսեթոն:

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, բարերար Էդուարդ Աւետիսեան 1998 թուականէն բազմաբնոյթ բարեգործական աշխատանքներ իրականացուցած է Հայաստանի մէջ: Արդէն 15 տարի է, որ Էդուարդ Աւետիսեան  Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը Հայաստանի գրասենեակին միջոցով կը հովանաւորէ Երեւանի Մալաթիա-Սեբաստիա համայնքին մէջ գործող «Հայ կրթութիւն» կրթական հիմնադրամի Խորէն եւ Շուշան Աւետիսեաններու անուան կրթօճախը: Վերջինս մեծ կրթական համալիր է, որ կրթական ուղղուածութենէ բացի, ընկերային ուղղուածութիւն ունի: Դպրոցը կը գործէ բարեգործական հիմունքներով, այնտեղ կը սորվին նիւթապէս անապահով ընտանիքներու մօտաւորապէս 300 փոքրիկներ:

Գիւմրիի «Վարդուհի» Արուեստի Դպրոցի Բացում

Վերջերս տեղի ունեցած է Գիւմրիի «Վարդուհի» արուեստի դպրոցի բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուած է աշխատանքային այցելութեամբ Շիրակ գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Արուեստի դպրոցի շէնքը կառուցուած է «Օյունջեան» միջնակարգ դպրոց-վարժարանին կից «Օյունջեան» բարեսիրական հիմնարկին հաշուոյն: Ծրագիրի սկիզբը դրուած է նախորդ տարուան յունիսին, աւարտած` այս տարուան հոկտեմբերին:

Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնի եւ Շիրակի մարզպետ Ֆելիքս Ցոլակեանի ընկերակցութեամբ նախագահը շրջագայած է կրթական համալիրին մէջ եւ` ծանօթացած իրականացուած աշխատանքներուն եւ գործունէութեան:

Կրթահամալիրին մէջ պիտի գործեն երգի, պարի, պալէի, նկարչութեան, քանդակագործութեան մասնագիտական դասարաններ, պարասրահ եւ համերգասրահ: Կրթօճախ կրնան յաճախել 300 փոքրիկներ: Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի գնահատմամբ, այսպիսի կրթօճախները երիտասարդ սերունդի դաստիարակման գործին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունին: Ըստ Պօղոսեանին, շատ կարեւոր է, որ արուեստի դպրոցը հանրակրթական դպրոցին կից գործէ, որպէսզի փոքրիկները մէկ միջանցքէն միւսը անցնելով` ընկղմին մշակոյթի ոլորտին մէջ:

«Ասիկա հրաշալի ծրագիր է, որ պէտք է իրականացնեն նաեւ այլ քաղաքներու մէջ: Յատկապէս կարեւոր է այն հանգամանքը, որ դպրոցին մէջ ներառուած են այնպիսի մասնագիտութիւններ, որոնք շատ քիչ կը դասաւանդուին», յայտնած է նախարար Պօղոսեան:

«Օյունջեան» հիմնարկի բարերար Յովհաննէս Օյունջեան շեշտած է, որ մտայղացման նպատակն է` ազգին վերելքը եւ զարգացումը: Բարերարը վստահ է, որ առանց կրթութեան եւ մշակոյթի` ազգը չի կրնար գոյատեւել: «Կոչ կ՛ընեմ բոլոր բարերարներուն, որոնք հեռացած են հայրենիքէն եւ հաստատուած` օտար ափերու վրայ, չմոռնալ հայրենիքի մասին, նիւթապէս օժանդակել եւ յատկապէս ներդրում կատարել մշակութային ոլորտին մէջ», շեշտած է Օյունջեան:

 

Տիգրան Համասեան Արեւմտեան Հայաստանի
Եկեղեցիներուն Մէջ Համերգ Պիտի Տայ

1022dikranhamasyanԱնուանի ճեզ նուագող, դաշնակահար Տիգրան Համասեան վերջերս աշխատանքներ կը տանի Երեւանի պետական սենեկային երգչախումբին հետ (գեղարուեստական ղեկավար` Յարութիւն Թոփիկեան)` ձայնասկաւառակ ձայնագրելու: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան դիտել տուած է, որ արդէն շաբաթէ մը ի վեր աւարտած են աշխատանքները:

«Ալպոմը ձայնագրած է «ECM» ընկերութիւնը: Ամբողջ ձայնասկաւառակը հոգեւոր ստեղծագործութիւններ կ՛ընդգրկէ` 5-20-րդ դարու գործեր, որոնք մշակած եմ երգչախումբի եւ դաշնամուրի համար: Ձայնասկաւառակը լոյս պիտի տեսնէ 2015-ի աշնանը: Այս ծրագիրը նուիրուած է Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, եւ մենք այս խումբով կը ծրագրենք 100 համերգ ունենալ այն երկիրներուն մէջ, ուր հայերը սփռուած են Ցեղասպանութենէն ետք», նշած է դաշնակահարը:

«Երկիր»-ի թղթակիցը յիշեցուցած է, թէ որոշ ժամանակ առաջ Համասեան փափաք յայտնած էր Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ Արեւմտեան Հայաստանի հայկական եկեղեցիներուն մէջ համերգներ տալու, հարցնելով, որ արդեօք փափաքը կեանքի կոչելու ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկա՞ծ է: Համասեան պատասխանած է, որ կարգ մը քայլերու դիմուած է. «Չեմ ուզեր անոր մասին շատ խօսիլ, որովհետեւ տակաւին ծրագրման հանգրուանին մէջ է, բայց կը վստահեցնեմ, որ այսպիսի համերգներ պիտի իրագործուին»:

 

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութիւնը Հիւրընկալեց
Իտալացի Հայագէտ Վալենթինա Կալցոնարին

IMG_1338Հոկտեմբեր 14-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու միջազգային ընկերակցութեան նախագահ, Ժընեւի համալսարանի գրականութեան բաժանմունքի հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավար, ազգութեամբ իտալուհի Վալենթինա Կալցոնարիին:

Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ հայագիտական հարցերու, մասնաւորապէս հայագիտական ուսումնասիրութիւններու միջազգային ընկերակցութեան հերթական` 13-րդ համաժողովի մասին, որ կարեւոր քայլ համարուեցաւ հայագիտութեան զարգացման եւ գիտական տեղեկատուութեան փոխանակման դիտանկիւնէն: Համաձայնութիւն գոյացաւ հետագայ համագործակցութեան, հայագիտական լաւագոյն աշխատանքներու մրցոյթ կազմակերպելու մասին:

Միջազգային մեծ հեղինակութիւն վայելող այս ընկերակցութիւնը հիմնադրուած է 1981-ին` հայագէտներ Մայքլ Սթոունի (Երուսաղեմի Եբրայական համալսարանի հայկական հետազօտութիւններու ծրագրի բաժնի ամպիոնի վարիչ)  եւ Եոս Վայթենպերկի (Լէյտենի համալսարանի ընկերային գիտութիւններու բաժանմունքի համեմատական լեզուաբանութեան բաժանմունքի հայկական ուսումնասիրութիւններու ծրագրի ղեկավար) նախաձեռնութեամբ: Ընկերակցութիւնը կը միաւորէ աւելի քան 20 երկրէ (1988-ին նաեւ Հայաստանէն) 400-է աւելի հայագէտներու եւ յարակից մասնագիտութիւններու ներկայացուցիչներու: Ընկերակցութեան հիմնական կորիզը կը կազմեն եւրոպական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ գործող հայագիտական կեդրոններու առաջատար ուժերը` օտար եւ հայ գիտնականներ:

Ընկերակցութեան հիմնական նպատակներէն է` հայագիտութեան զարգացումը իր բոլոր բնագաւառներով խթանելը, նորագոյն ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները ի մի բերելը եւ գիտական շրջանառութեան մէջ դնելը, ինչպէս նաեւ` այս ոլորտի մասնագէտներու փորձի փոխանակում կազմակերպելը:

Ընկերակցութիւնը կապեր ստեղծած է աշխարհի տարբեր հայագիտական կեդրոններու, այդ թիւին մէջ` Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի եւ Մատենադարանին հետ:

Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու միջազգային ընկերակցութիւնը (AIEA/ՀՈՒՄԸ) իր հերթական` 13-րդ համաժողովը կայացուց Երեւանի մէջ` «Մատենադարան» Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտական հետազօտական հիմնարկին հետ միատեղ, 2014 թուականի հոկտեմբեր 9-11-ին:

Համաժողովը կարեւոր նկատուեցաւ, որովհետեւ AIEA-ի գոյութեան 33 տարիներու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով  տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ լաւագոյն առիթը կը հանդիսանար եւրոպական տարբեր համալսարաններ ներկայացնող գիտնական-հայագէտներուն հայագիտութեան բնօրրանին մէջ համախմբելուն համար:

Viva-cell-logo1

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )