Այնճարի Մէջ. Հոգեհանգստեան Արարողութիւն` Գարակէօզեան Ընտանիքի Անդամներուն Եւ «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Մէջ Ծառայածներու Յիշատակին

1026_karageozianԿիրակի, 26 հոկտեմբերին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Գարակէօզեան ընտանիքին եւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան մէջ ծառայած բոլոր հանգուցեալներու յիշատակին:

Պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Վարուժան արք. Հերկելեանը լայնօրէն անդրադարձաւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան ազգանուէր գործունէութեան, յատկապէս յիշելով Այնճարի առաջին տարիներուն հաստատութեան առողջապահական մեծ օգտակարութիւնը, որ ունեցած է ան Այնճարի մանուկներուն համար:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք ներկաները հրաւիրուեցան «Գ. Կիւլպենկեան» սրահ, ուր Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեան, պատ. Յակոբ Ագպաշարեան եւ քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան երախտագիտութեան եւ քաջալերական խօսքեր ուղղեցին Գարակէօզեան ընտանիքին եւ հաստատութեան, որմէ ետք «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան յայտնեց, որ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը պիտի շարունակէ ծառայել բոլոր հայաբնակ շրջաններուն մէջ` օգտակար հանդիսանալով կարիքաւորին եւ հիւանդին: Ան բարձր գնահատեց Այնճարի ժողովուրդին եւ պատասխանատու մարմիններուն ցուցաբերած ծառայասիրութիւնը եւ գործակցութիւնը սուրիահայ գաղթականներուն հարցով:

Նշենք, որ նոյն օրը «Գարակէօզեան» հաստատութենէն խումբ մը ընկերային ծառայողներ ներկայ գտնուեցան Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ պաշտամունքին եւ առիթը ունեցան իրենց խօսքը ուղղելու ներկաներուն:

Share this Article
CATEGORIES