Արցախի «Մենք Ենք Մեր Սարերը» Երգի Համոյթը` Այնճարի Մէջ

1028_artsakh1Երէկ` երեքշաբթի, 28 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի «Արցախ Ֆոնտ»  յանձնախումբին, ելոյթ ունեցաւ Արցախի «Մենք ենք մեր սարերը» երգի համոյթը:

Ձեռնարկը կը հովանաւորէր Այնճարի քաղաքապետութիւնը:

ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի «Արցախ Ֆոնտ» յանձնախումբին անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց Ցողիկ Հաւաթեան, որ ողջունեց Արցախի երիտասարդ երգիչներու ներկայութիւնը Այնճարի մէջ` շնորհակալութիւն յայտնելով Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետութիւններուն, որոնք այս առիթը ընծայեցին լիբանանահայ գաղութին: Ան անդրադարձաւ «Մենք ենք մեր սարերը» խումբին ունեցած գործունէութեան, յատկապէս յիշելով անոնց ելոյթները տարբեր երկիրներու մէջ:

1028_artsakhԲացման խօսքէն ետք խումբը ելոյթ ունեցաւ ազգային-հայրենասիրական երգացանկով մը` արժանանալով ժողովուրդի բարձր գնահատանքին: Կատարումները մեծապէս խանդավառեցին ներկաները, որոնցմէ շատեր մասնակցեցան կատարումներուն:

Ելոյթի աւարտին շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ համոյթի պատասխանատու Ապրեսեան, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց խումբին Այնճարի մէջ գտնուելուն համար` շնորհակալութիւն յայտնելով հայկական զոյգ շրջաններու քաղաքապետութիւններուն, որոնք ստեղծեցին այս կարելիութիւնը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES