Ֆրանչիսկոս Պապը Կ՛այցելէ Թուրքիա

Ֆրանչիսկոս պապը
ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ֆրանչիսկոս պապը 28-30 հոկտեմբերին կ՛այցելէ Թուրքիա: Պապը իր այցելութիւնը նկարագրած է հետեւեալ ձեւով. «Յաղթահարել խոչընդոտները, որոնք մինչեւ օրս կը բաժնեն կաթողիկէները ուղղափառներէն»:
Հռոմի եպիսկոպոսապետը ընդգծած է, որ իսկական միջեկեղեցական երկխօսութիւնը անկարելի է առանց «ներքին թարմացման»:
«Անգամ մը եւս պապին եւ Կոստանդնուպոլսոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Բարթողիմէոսի հանդիպումը պիտի վերացնէ հեռաւորութիւնը, որ հաստատուած է մեր միջեւ հազարաւոր տարիներ առաջ եւ աստիճանաբար կը կրճատուի` Վատիկանեան երկրորդ հաւաքէն սկսեալ», նշած է ան:
CATEGORIES Միջազգային

