«Միայն Սուրիական Ազատ Բանակն Ու Փեշմերկաները Կրնան Արաբ Բունարը Փրկել» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

Ահմեթ Տաւութօղլու

Ահմեթ Տաւութօղլու

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կարելի չէ սպասել, որ Թուրքիա զինուորներ ուղարկէ պաշտպանելու համար պաշարումի ենթակայ Արաբ Բունարը, եւ միայն փեշմերկաները եւ Սուրիական ազատ բանակը կրնան զայն փրկել:

«Արաբ Բունարը փրկելու, Արաբ Բունարը եւ անոր շրջապատը գտնուող որոշ շրջաններ ՏԱՀԵՇ-էն վերագրաւելու համար զինուորական գործողութեան մը կարիք կայ», ըսաւ ան, սակայն յստակ դարձուց, որ ո՛չ Թուրքիա, ո՛չ ալ դաշնակից ուժերը ցամաքային ուժեր պիտի տրամադրեն:

«Եթէ անոնք (միջազգային դաշինքը) իրենց ցամաքային ուժերը չեն ուզեր ուղարկել, ինչպէ՞ս կրնաք ակնկալել, որ Թուրքիան թրքական ցամաքային ուժեր ուղարկէ, երբ մեր սահմանին վրայ նոյն վտանգները գոյութիւն ունին», հարց տուաւ Տաւութօղլու:

«Քանի այլ երկիրներ չեն ուզեր ցամաքային ուժեր օգտագործել, Արաբ Բունարին օգնելու միակ ձեւը խաղաղամիտ կամ չափաւորական ուժեր Արաբ Բունար ուղարկելն է: Ովքե՞ր են անոնք. փեշմերկաները… եւ Սուրիական ազատ բանակը», ըսաւ Թուրքիոյ վարչապետը:

«Զինեցէ՛ք եւ մարզեցէ՛ք Սուրիական ազատ բանակը, որպէսզի եթէ ՏԱՀԵՇ հեռանայ` վարչակարգը (սուրիական) չգայ, որպէսզի եթէ ՏԱՀԵՇ հեռանայ` ՔԱԿ-ի ահաբեկիչները չգան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ քանի մը հարիւր փեշմերկաներ պատերազմի ընթացքը պիտի չփոխեն: «Մենք որեւէ ուժերու, որեւէ դաշինքի պիտի օգնենք, (Թուրքիոյ մէջ) օդուժի ռազմակայաններու ճամբով կամ այլ ձեւերով, եթէ  բազմակարծական, ժողովրդավարական նոր Սուրիա մը ունենալու շուրջ հասարակաց հասկացողութիւն մը ունինք», ընդգծեց Թուրքիոյ վարչապետը:

Միւս կողմէ, երէկ հաղորդուեցաւ, որ փեշմերկաներու ուժ մը Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի մայրաքաղաք Էրպիլէն ճամբայ ելած է դէպի Արաբ Բունար: «Մայատին» հաղորդեց, որ այդ ուժը իր հրամանները պիտի ստանայ ինքնավար մարզին մէջ փեշմերկաներու հարցերու նախարարութենէն: Կայանը նաեւ նշեց, որ քրտական մարզին մէջ փեշմերկաներու Արաբ Բունարի օժանդակութեան ուշացումին պատճառով վէճ յառաջացած է: Թուրքիա մերժած է 2000 փեշմերկաներու Արաբ Բունար մուտք գործելը եւ համամիտ գտնուած է միայն 150 փեշմերկաներու մուտք գործելուն: Թուրքիա նաեւ մերժած է, որ փեշմերկաները իրենց հետ ծանր զէնքեր մտցնեն պաշարման ենթարկուած քաղաք:

 

Share this Article
CATEGORIES