Եգիպտոս Միակողմանի Կերպով Կը Ջնջէ Մուրսիի Օրով Թուրքիոյ Հետ Կնքուած Առեւտուրի Համաձայնութիւնը
ՄԵՆԱ լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Եգիպտոսի կառավարութիւնը որոշած է չերկարաձգել նախկին նախագահ Մոհամետ Մուրսիի օրով Թուրքիոյ հետ կնքուած ազատ առեւտուրի համապարփակ համաձայնութիւն մը:
Եգիպտոսի փոխադրամիջոցներու նախարարութենէն պաշտօնատար մը յայտնած է, որ համաձայնութիւնը, որ կազմուած էր շարք մը սերտ գործակցութեան միջոցառումներէ, ներառեալ` իւրաքանչիւրին նաւերուն արտօնել միւս երկրին ջուրերուն մէջ նաւարկել, նկատառելի կերպով վնաս պատճառած է Եգիպտոսի ազգային տնտեսութեան:
Ան ըսած է, որ Գահիրէ մինչեւ մարտ 2015 ի զօրու եղող համաձայնութիւնը պիտի չերկարաձգէ:
CATEGORIES Միջազգային

