Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը նախանցեալ օր ձախողեցուց Սայտայի Ֆաթիմա Զահրա համալիրին եւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան կեդրոնին դէմ պայթում մը:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Աւստրալիոյ մէջ կատարած յայտարարութեան ընթացքին կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին զօրակցելու` քաղաքական, բարոյական եւ նիւթական առումով:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Զահլէի առաջնորդ Մանսուր Հոպէյքա վախճանեցաւ:
ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի դատապարտեց Լիբանանի դէմ գործուող ահաբեկչութեան ալիքը եւ ցաւ յայտնեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարին ճամբուն վրայ նահատակուած բանակայիններուն համար:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ պետութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պիտի պայքարի, մինչեւ որ զայն արմատախիլ ընէ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ կազմակերպութիւն մըն է, որ իսլամական կրօնին անունը կը կրէ, սակայն մնայուն կերպով կը դաւաճանէ եւ կը դանակոծէ զայն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք էր նաեւ Արսալի պարագային վերջնական որոշումներ տար, ինչպէս էր պարագան Թրիփոլիի:
ԱՔՔԱՐԻ Պըրքայել գիւղաքաղաքին մէջ անծանօթ զինեալներ գնդակոծեցին շէյխ Մահեր Ապտել Ռազզաքի բնակարանը: Բնակարանին հսկող պահակները հակադարձեցին կրակոցին եւ պատճառ դարձան զինեալներու փախուստին: Մարդկային վնասներ չարձանագրուեցան:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ եթէ Արսալի բեմագրութիւնը Թրիփոլիի մէջ գործադրուի, ապա Լիբանան շատ սուղ պիտի վճարէ այդ արարքին գինը:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, հիւսիսային Լիբանանի սիւննի համայնքին կեցուածքն է անակնկալի մատնել Թրիփոլիի մէջ բռնարարքներ գործող ծայրայեղական շարժումները:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով բարձրաստիճան զինուորականներէ, կը գրէ, թէ Թրիփոլին առաջին անգամ ըլլալով է, որ զինեալներէն դատարկուած է:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ռումիէի բանտէն երկու արգելափակեալներ մասնակցած են Թրիփոլիի մէջ իսլամական էմիրութիւն մը հաստատելու ծրագրաւորումին:

