Հարիրի. «Լիբանանեան Բանակէն Անջատուելու Կոչերը Մերժելի Են Եւ Դատապարտելի»
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յայտնեց, որ Պեքաայի, Թրիփոլիի, Աքքարի, Մընիէի եւ Տըննիէի մէջ այս քանի մը օրուան ապահովական իրադարձութիւնները շրջանին եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ բռնկած հսկայ հրդեհին փոքր նմուշները կը նկատուին:
Լիբանանցիներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Հարիրի նշեց, որ լիբանանեան բանակէն անջատուելու իմաստով արձանագրուած բոլոր կոչերը մերժելի են եւ դատապարտելի:
Այս շրջագիծին մէջ Հարիրի ընդգծեց, որ բանակէն անջատուելու առումով յատկապէս սիւննի երիտասարդներուն կատարուած կոչերը եւ անոնց ուղղուած հրաւէրները` մաս կազմելու ահաբեկչական կազմակերպութիւններու, անընդունելի են եւ անպատասխան պիտի մնան:
«Լիբանանի մէջ սիւննիական յեղափոխութեան մասին կոչերը սիւննի համայնքին իսկական նպատակները չեն ներկայացներ, այլ` անոնք կը նոյնանան այդ կասկածելի ծրագիրներուն հետ, որոնց նպատակն է վերջ տալ Լիբանանի գոյութեան եւ զայն վերածել աւելի փոքր ու մասնատուած պետութիւններու», ըսաւ ան:
Հարիրի կոչ ուղղեց անմիջապէս սկսելու ազգային խորհրդակցութիւններու` համաձայնելու համար հանրապետութեան նոր նախագահի մը շուրջ եւ վերջ տալու համար նախագահական աթոռը թափուր պահելու ընթացքին:

