«Էմիրութիւն Մը Հիմնելու Հաւատադրժողականներուն Ծրագիրը Պիտի Մնայ Երազի Սահմաններուն Մէջ` Պատասխանատուներուն Ազգային Գիտակցութեան Շնորհիւ» Ընդգծեց Ֆրենժիէ

Սլէյման Ֆրենժիէ
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ քրիստոնեաները կը նախընտրեն նախագահական աթոռը թափուր պահել, քան տկար նախագահ մը ունենալ: «Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող պայմանները պիտի որոշեն, եթէ Լիբանան հանրապետութեան նախագահ պիտի ունենայ կամ ոչ, իսկ Լիբանանի նախագահը պիտի ըլլայ մարոնի համայնքի զաւակ», ըսաւ ան:
Ան շեշտեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը անպատճառ պիտի երկարաձգուի, հակառակ անոր որ ոմանք այս հարցով իրենց մատներուն ետեւ կը պահուըտին:
Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող այսօրուան ազգային միասնականութիւնը երկրին սպառնացող ահաբեկչութեան դէմ կարեւորագոյն զէնքն է, իսկ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը պէտք է ստանձնեն իրենց վստահուած պատասխանատուութիւնները:
Ան ըսաւ, որ Լիբանան այսօր կարիքը ունի իր ղեկավարներուն հզօր կեցուածքներուն եւ չափաւորականութեան: «Այսօր մենք բոլորս պատասխանատու ենք եւ պէտք է պահպանենք լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային գիտակցութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմագրաւել Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրները», ըսաւ ան:
«Թրիփոլիէն եւ Աքքարէն սկսեալ մինչեւ Հոմս եւ Մուսուլ երկարող տարածքին վրայ իսլամական էմիրութիւն մը հիմնելու հաւատադրժողականներուն ծրագիրը պիտի մնայ երազի սահմաններուն մէջ` պատասխանատուներուն ազգային գիտակցութեան շնորհիւ», եզրափակեց Ֆրենժիէ:

