«Ապահովական Ծրագիրներուն Գործադրութիւնը Պէտք Է Շարունակել` Վերջ Տալու Համար Ահաբեկչութեան» Շեշտեց Ժրայսաթի

Սելիմ Ժրայսաթի

Սելիմ Ժրայսաթի

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

Նիստէն ետք նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին զօր. Աուն ներկայացուցած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:

Ժրայսաթի ըսաւ, որ հանրապետութեան միւֆթիին կատարուած այցելութիւնը ծանօթացման բնոյթ ունէր` աւելցնելով, որ զօր. Աուն հաստատած է, որ միւֆթի Տըրիանի հետ տեսակէտներու ներդաշնակութիւն մը կայ եւ ան չափաւորական մտայնութեան տէր անձ մըն է:

Ժրայսաթի աւելցուց, որ զօր. Աուն նիստին ընթացքին զգուշացուցած է տակաւին ննջող ահաբեկչական բջիջներէն` ընդգծելով Թրիփոլիի եւ Մընիէի մէջ բանակին շարունակած ներխուժումներուն եւ  ձերբակալումներուն կարեւորութիւնը:

Ան շեշտեց, որ համախմբումը կարեւոր կը նկատէ ապահովական ծրագիրներուն գործադրութեան շարունակութիւնը` վերջ տալու համար ահաբեկչութեան` մաղթելով, որ բանակին նահատակներուն արիւնը յումպէտս չհոսի:

Ժրայսաթի շեշտեց, որ համախմբումը կը մերժէ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը:

Share this Article
CATEGORIES