Մուքպել. «Բանակը Իր Գործողութիւնները Պիտի Շարունակէ` Թրիփոլին Ահաբեկիչներէն Մաքրելու Համար»

Միքաթի եւ Մուքպել

Միքաթի եւ Մուքպել

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ այցելեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Թրիփոլիի զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ իրենք Թրիփոլիի մէջ ոչ մէկ ձեւի համաձայնութիւն հովանաւորած են` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը ներկայացուցած է եւ կը ներկայացնէ զոհողութիւններ` նահատակներ, որոնք իրենց արիւնը կը շաղախեն երկրին հողին հետ` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Միքաթի յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ կացութիւնը արդէն իսկ տանելի է, սակայն այսօրուան իսկական մարտահրաւէրը այն է, որ մարդասիրական հարցերը ինչպէ՛ս պիտի լուծուին` նկատի ունենալով, որ կան տեղահանուած ընտանիքներ, կայ քանդում, սննդեղէնի, ելեկտրական հոսանքի եւ ջուրի տագնապ, ինչպէս նաեւ բժշկական խնամքի չգոյութիւն:

Իր կարգին, Մուքպել հաստատեց, որ Միքաթիին ներկայացուցած է Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ բանակին որդեգրած զինուորական միջոցառումներուն մանրամասնութիւնները` ընդգծելով, որ Թրիփոլիի մէջ ոչ մէկ համաձայնութիւն արձանագրուած է, այլ բանակը իր գործողութիւնները պիտի շարունակէ` շրջանը ահաբեկիչներէն մաքրելու համար:

Share this Article
CATEGORIES