Գերմանիոյ Մէջ . «Լիբանան Կարիքը Ունի Նիւթական Հսկայ Օժանդակութեան` Դիմագրաւելու Համար Սուրիացի Տեղահանուածներուն Մարտահրաւէրը» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Պերլինի խորհրդաժողովէն պահ մը
Վարչապետ Թամմամ Սալամ` ընկերակցութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպասի, Պերլինի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի օժանդակութեան միջազգային խմբակին խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանան ժամանած սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը:
Խորհրդաժողովին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն տրամադրուելիք օժանդակութիւնները:
Վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանան արդէն իսկ լուծած է հարցը եւ վերջնական որոշում տուած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով: Ան ըսաւ, որ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը կը սպառնայ Լիբանանին` աւելցնելով, որ ժամանակն է արդէն Լիբանանի օժանդակութեան խոստումները գործադրելու` շօշափելի քայլեր որդեգրելով:
«Լիբանան կարիքը ունի նիւթական հսկայ օժանդակութեան` դիմագրաւելու համար սուրիացի տեղահանուածներուն մարտահրաւէրը», ըսաւ Սալամ` աւելցնելով, որ սուրիացի տեղահանուածները իրենց ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենան Լիբանանի տնտեսութեան եւ ապահովութեան վրայ:

Սալամ եւ Շթայնմայեր
Նախքան խորհրդաժողովին բացումը, վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայերի հետ:
Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ իրենք կը շարունակեն ստանձնել իրենց պատասխանատուութիւնները, ինչպէս նաեւ կը շարունակեն նեցուկ կանգնիլ սուրիացի իրենց եղբայրներուն` անոնց տրամադրելով բոլոր կարիքները, այն աստիճան, որ այդ ջանքերը գերազանցած են ՄԱԿ-ի եւ մեծ պետութիւններու սահմանած մարդասիրական օժանդակութեան բոլոր չափանիշները:
«Լիբանան սուրիացի տեղահանուածներուն անսահման օժանդակութիւն տրամադրեց եւ կը փափաքի այդ ընթացքը
շարունակել, սակայն այս հանգրուանին անիկա կարիքը ունի հսկայական գումարներու», շեշտեց վարչապետ Սալամ:
Իր կարգին, Շթայնմայեր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ մէկուկէս միլիոն տեղահանուած սուրիացիներ կան` աւելցնելով, որ այդ իրականութիւնը ինքնին շշմեցնող է:
«Մենք պէտք է օժանդակենք տեղահանուածները հիւրընկալող երկիրներուն, որպէսզի անոնք կարենան պահպանել իրենց ապահովական կայունութիւնը», ըսաւ ան:
Գերմանիոյ մէջ արաբական լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ իր հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ Շուէտի բարգաւաճման նախարարութեան կողմէ տրամադրուած է 800 միլիոն եւրոյի օժանդակութիւն` աւելցնելով, որ Միջազգային դրամատան հաշուարկներուն համաձայն, Լիբանան 7 միլիառ տոլարի գումար մը տուժած է` սուրիացի տեղահանուածներուն հարցով:
Ան նշեց, որ իրենք 3 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն պահանջած են, որուն մէկ միլիառը նուիրատուութիւն պիտի ըլլայ, իսկ մնացեալ երկու միլիառը` երաշխիք, որպէսզի կարելի ըլլայ վարկերու պահանջ ներկայացնել:
Վարչապետ Սալամ կոչ ուղղեց միջազգային հովանաւորութեամբ եւ վերահսկողութեամբ Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի մը ստեղծելու, ուր կարելի ըլլայ տեղահանուած սուրիացիներուն ապաստաններ ապահովել:

