Պըրրի – Աուն Հանդիպում

Զօր. Աուն եւ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը` ներկայութեամբ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն մաղթեց, որ Աքքարի մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատուի` աւելցնելով, որ Լիբանան ներկայիս կը դիմագրաւէ դժուար օրեր:
Զօր. Աուն յայտնեց նաեւ, որ իրենց համար խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման գաղափարը մերժելի է` ընդգծելով, որ իրենք կառչած կը մնան մերժումի իրենց սկզբունքին:
«Երեսփոխանական ընտրութիւններ պիտի չկատարուին, սակայն անոնք կրնան որեւէ ատեն պատահիլ, իսկ խորհրդարանը պիտի երկարաձգէ իր պաշտօնավարութիւնը», ըսաւ զօր. Աուն:
Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան, որ յայտնեց, թէ Պըրրիի հետ քննարկած է հիմնական երկու հարց, որոնցմէ առաջինը կը վերաբերի ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակին մղած պատերազմին, իսկ երկրորդը` խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին:
Առաջին հարցով Ատուան շեշտեց, որ պէտք է ամէն գնով օժանդակել բանակին, որպէսզի ան կարենայ պարտութեան մատնել ահաբեկիչները:
Իսկ երկրորդ հարցով Ատուան ցաւ յայտնեց, որ կառավարութիւնը անհրաժեշտ միջոցներուն չէ դիմած` կազմակերպելու համար երեսփոխանական ընտրութիւնները, եւ հասած ենք այնպիսի հանգրուանի մը, որ կը տարուբերի խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին կամ անիշխանութեան միջեւ:

