Կիրակի, 2 Նոյեմբերին. Արագ Ճատրակի Անհատական Ախոյեանութիւն

Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շեհատէ Ապու Նըմրին կը տեղեկացնէ, որ կիրակի, 2 նոյեմբերին, Պէյրութի արաբական համալսարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի արագ ճատրակի անհատական ախոյեանութիւնը:

Իսկ արագ ճատրակի ակումբներու ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 23 նոյեմբերին, սակայն այս անգամ Մաշարիհ ակումբին մէջ:

Արձանագրութեան համար պէտք է աճապարել, նշեց ընդհանուր քարտուղարը:

Ախոյեանութեան գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ միջազգային իրաւարար Չարլզ Քէյլի:

Մրցումները կը սկսին առաւօտեան ճիշդ ժամը 10:00-ին:

Share this Article
CATEGORIES