Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր ծրագիրները ձեզի պահեցէք եւ ինքնավստահ եղէք. յաջողութիւնը ձեզի հետ է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Իւրաքանչիւր անձ իր չափով կրնայ օգնել մէկու մը. գտէք ձեր կարողութիւնը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր ներդրումները կատարած էք տեղին եւ լաւ չափով. ապագան լաւ է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ընկերովի գործ մը պիտի կատարէք. լաւ բան է, բայց ճկունութիւն կը պահանջէ. զգո՛ւշ եղէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Գործատեղին ձեր շուրջը անձեր կան, որոնք աշխատելու ձեւը չեն գիտեր. օգնեցէք անոնց, որպէսզի կարենան աշխատանքը սիրել:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Լաւ տրամադրութեամբ պիտի աշխատիք այսօր եւ երեկոյեան անակնկալ եւ հաճելի տեսակցութիւն մը պիտի ունենաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դուք միեւնոյն սխալները պիտի չկրկնէք, ձեր յառաջխաղացումը դրական է:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Երաժշտութիւնը տրամադրութիւնը կը բարելաւէ. ընտանեօք ունկնդրեցէք զուարթ երգեր, որպէսզի ուրախ ըլլաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կրնաք գնել բոլոր ձեզի պիտանի բաները, սակայն` զգուշ, միա՛յն անհրաժեշտ եղած պէտքերը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Տատամսումի մէջ էք. ձեր միտքերը լուսաւորեցէք եւ ամէն բան պիտի դիւրանայ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ուրիշներու կարծիքին կարօտ էք. դիմեցէք բարեկամներու, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ ձեզի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Խնդալը երիտասարդացնելու յատկութիւն ունի: Խնդացէք, որ երիտասարդ մնաք:

