Եւրոպական Միութիւնը Ուժի Մէջ Ձգած Է Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները

1029_EU-RussiaGazeta.ru կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութիւնը հիմքեր չէ գտած Ռուսիոյ դէմ եւրոպական պատժամիջոցները ջնջելու համար:

Երեքշաբթի օր Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած է Եւրոպական Միութեան Մնայուն ներկայացուցիչներու կոմիտէի նիստը, որուն ընթացքին քննարկուած են Ուքրանիոյ հարցը եւ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները:

Եզրակացութիւնը եղած է այն, որ պատժամիջոցներու մեղմացման ժամանակը տակաւին չէ եկած. անոնք ուժի մէջ պիտի մնան առնուազն մինչեւ գարուն:

Եւրոպայի մէջ ատիկա կը բացատրուի այն բանով, որ Քիեւը լիակատար վերահսկում չունի սեփական սահմաններուն վրայ, Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ ճգնաժամի լուծման աջակցութիւն չկայ, զինադադարի համաձայնագիրը կը խախտուի, Ուքրանիոյ արեւելքի բնակչութեան զգալի մասը չէ կրցած մասնակցիլ վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

Եւրոպական Միութիւնը ապրիլէն պատժամիջոցներ սահմանած է Ռուսիոյ դէմ, անոնք թարմացուած են սեպտեմբերին:

Share this Article
CATEGORIES