150 Փեշմերկաներու Առաջին Մասը Ուղղուեցաւ Արաբ Բունար
Հրետանիներով եւ այլ զէնքերով զինուած 80 փեշմերկաներ փոխադրող 40 մեքենաներ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Իրաքի քրտական շրջանէն ճամբայ ելան դէպի Արաբ Բունար: Անոնք քաղաքի պաշտպանութեան օժանդակելու համար Արաբ Բունար մեկնելիք 150 փեշմերկաներու առաջին բաժինն են:
Մինչ զանոնք քաղաք մտցնելու պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ էին, քիւրտերուն եւ ՏԱՀԵՇ¬ի զինեալներուն միջեւ բախումները շարունակուեցան, մանաւանդ քաղաքի հարաւային մուտքի շրջանին մէջ:
Դաշնակից ուժերը երէկ շարունակեցին քաղաքին մօտ ՏԱՀԵՇ¬ի դիրքերը հարուածել, իսկ ՏԱՀԵՇ ռմբակոծեց քաղաքը:
Արաբ Բունարի մէջ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու մարտական հրամանատար մը սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեց, որ քաղաքը պաշտպանող զինեալները կը սպասեն յաւելեալ ամերիկեան զէնքեր, որոնք միակ միջոցն են ՏԱՀԵՇ¬ի յարձակումներուն տոկալու եւ քաղաքի գրաւումը արգիլելու:

