Եգիպտոս Կազայի Հետ Սահմանին Վրայ Ապահովական Գօտի Պիտի Ստեղծէ
«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Եգիպտոս Սինայի թերակղզիին մէջ Կազայի հետ սահմանին վրայ ապահովական գօտի պիտի ստեղծէ: Այս ձեւով Գահիրէ պիտի փորձէ կանխարգիլել մարդոց անցումն ու զէնքի մաքսանենգումը պաղեստինեան տարածքներու եւ Եգիպտոսի միջեւ:
Կը սպասուի, որ այդ գօտիի երկարութիւնը ըլլայ 13 քիլոմեթր, իսկ լայնքը` 500 մեթր: Այս առնչութեամբ Գահիրէն սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներուն հրահանգած է 48 ժամուան ընթացքին լքել իրենց տուները, որոնք պիտի քանդուին: Եգիպտական իշխանութիւնները երէկ սկսան Ռաֆահի մէջ բնակարաններու քանդումը:
Յիշեցնենք, որ 24 հոկտեմբերին Սինայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումին զոհ գացած էին եգիպտացի քսան զինուորներ:
CATEGORIES Միջազգային

