Սլէյման Ցաւ Յայտնեց Հանրապետութեան Նախագահ Մը Չընտրելու Առումով

Զօր. Սլէյման եւ Ապու Ֆաուր
Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ պաղեստինեան հողերուն իւրացումը եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց այս օրինազանցութեան նկատմամբ քայլեր որդեգրել եւ պահանջել Իսրայէլէն, որ յարգէ այդ իմաստով տրուած միջազգային բանաձեւերը:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ցաւ յայտնեց հանրապետութեան նախագահ մը չընտրելու առումով եւ զարմանք յայտնեց այդ իմաստով ցուցաբերուած լիբանանեան անտարբերութեան համար:
Անդրադառնալով ահաբեկչութեան դէմ մղուած պատերազմին` Սլէյման դրուատեց բանակը անոր իրագործումներուն եւ ապահովական նուաճումներուն առիթով եւ ողջունեց անոր մատուցած զոհողութիւնները` ի խնդիր Լիբանանի եւ լիբանանցիին պաշտպանութեան:
Նշենք, որ Սլէյմանի այցելեցին առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի:
Հանդիպումէն ետք Փլամպլի շեշտեց, որ ինք կը յարգէ լիբանանեան բանակն ու անոր դերակատարութիւնը եւ կը զօրակցի անոր:

