Ժեմայէլ – Ասիրի Հանդիպում

Ասիրի եւ Ժեմայէլ
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ Սայֆիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ասիրի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա նախանձախնդիր է Լիբանանի ապահովական կայունութեան:
Ան նշեց, որ Ժեմայէլի հետ քննարկած է Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները եւ լիբանանեան տարբեր շրջաններու վրայ անոր ունենալիք ազդեցութիւնը:
Ասիրի շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ղեկավարութիւններն ու պետութիւնը պէտք է գործակցին բանակին հետ` արագ կերպով լուծել կարենալու համար այդ հարցը:
Ան կոչ ուղղեց նաեւ ընտրելու հանրապետութեան նախագահը եւ կանխարգիլելու երկրին անիշխանութիւնը:
Իր կարգին Ժեմայէլ նշեց, որ Ասիրիի հետ քննարկած են Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական իրադարձութիւնները, յատկապէս Թրիփոլիի զարգացումներն ու անոնց առաջքը առնելու կարելիութիւնները:
Ժեմայէլ մտավախութիւն յայտնեց, որ եթէ այդ դէպքերը շարունակուին, անոնք իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան ամբողջ Լիբանանին վրայ` ընդգծելով, որ Լիբանանի մէջ այս կացութիւնը արագ լուծման կարիք ունի:

