Հանրապետութեան Միւֆթին Ընդունեց Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները

Միւֆթի Տըրիան` առեւանգուած զինուորականներուն ընտանիքներուն հետ

Միւֆթի Տըրիան` առեւանգուած զինուորականներուն ընտանիքներուն հետ

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները, որոնք իրենց դիմագրաւած դժուար պայմաններուն ու հանգրուանին մանրամասնութիւնները ներկայացուցին անոր:

Ընտանիքները հաստատեցին, որ իրենց առեւանգուած զաւակներուն ճակատագիրին գծով կատարուած ապատեղեկատուութիւնը եւ շրջանառութեան մէջ դրուած անճիշդ տեղեկութիւնները կը թունաւորեն իրենց կեանքը:

Անոնք միւֆթի Տըրիանէն օժանդակութիւն խնդրեցին` իրենց զաւակներուն ազատ արձակումին նպատակով:

Հանրապետութեան միւֆթին հասկացողութիւն ցուցաբերեց ընտանիքներուն դիմագրաւած այս հարցին նկատմամբ եւ անոնց խոստացաւ համապատասխան մարմիններուն հետ հաղորդակցութիւններ ունենալ ու փորձել դրական արդիւնքներ ապահովել` իրենց զաւակներուն ազատ արձակումին գծով:

Միւֆթի Տըրիան շեշտեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն հարցը ազգային, բարոյական եւ մարդասիրական հարց է:

Share this Article
CATEGORIES