Զօր. Աուն Ընդունեց Սամի Ժեմայէլը

Ժեմայէլ եւ զօր. Աուն
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները:
Մեկնումի պահուն Ժեմայէլ յայտնեց, որ հանդիպումը բացառիկ էր` հարց տալով. «Եթէ նման պայմաններու ընթացքին չհանդիպինք, ապա ե՞րբ պիտի հանդիպինք»:
Ժեմայէլ աւելցուց, որ փորձած է համոզել զօր. Աունը, որպէսզի ան մասնակցի նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստին` նշելով, որ զօր. Աուն անդրդուելի մնաց: Ժեմայէլ յոյս յայտնեց, որ զօր. Աուն իր մասնակցութիւնը բերէ նախագահական ընտրութեան յաջորդ նիստին:
CATEGORIES Լիբանանեան

