Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանները

Հէյլ եւ վարչապետ Սալամ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ասիրի յայտնեց, որ ինք կը վստահի լիբանանցի պատասխանատուներուն, յատկապէս վարչապետ Թամմամ Սալամի իմաստուն կեցուածքին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անոնց կարողութեան:
Ասիրի կոչ ուղղեց բոլոր քաղաքական ուժերուն Լիբանան «չներածելու» շրջանային երկիրներուն տագնապները:
Ան հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա կը միտի պաղեստինցի գաղթականներուն տրամադրուած ընդհանուր գումարէն 15 միլիոն տոլարի գումար մը յատկացնել Նահր Պարետ գաղթակայանին վերաշինութեան` նկատի ունենալով, որ այս հանգրուանին այդ ծրագիրը լաւագոյնս կը նպաստէ Լիբանան հաստատուած պաղեստինցի գաղթականներու իրավիճակի բարելաւումին:
Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը ողջունեց լիբանանեան բանակին ջանքերը` երկիրը եւ քաղաքացիները պաշտպանելու առումով, աւելցնելով, որ Լիբանան արժանի է, որ անոր քաղաքացիները իրեն համար զոհողութիւններ կատարեն:
«Սէուտական Արաբիա եւ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը մնայուն կերպով կը զօրակցին Լիբանանին եւ մնայուն կերպով կոչ կ՛ուղղեն անոր քաղաքական ուժերուն` երկրին շահերը գերադասելու անձնական շահերէն, ինչպէս նաեւ պահպանելու ազգային միասնականութիւնը, որ այս հանգրուանին Լիբանանը պահպանելու իմաստով հզօրագոյն երաշխիքը կը նկատուի», ըսաւ Ասիրի:
Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխաններ Մոհամետ Քապպարա եւ Սամիր Ժսըր:
Քննարկուեցան Թրիփոլիի իրադարձութիւնները:

