Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Սայտայի Մէջ Բանակը Շարունակեց Ձերբակալումներու Ալիքը
Հիւսիսային Լիբանանի եւ Սայտայի մէջ լիբանանեան բանակը երէկ շարունակեց իր հետապնդումները եւ կատարեց շարք մը ձերբակալումներ:
Բանակը Ապի Սամրայի մէջ բացայայտեց ահաբեկիչներու թաքստոցներ, որոնց մէջ ձերբակալեց 8 զինեալներ, ինչպէս նաեւ գրաւեց գնդացիրներ եւ փամփուշտներ:
Պհանինի եւ անոր շրջակայքին մէջ բանակը կատարեց աւելի լայն ներթափանցումներ, որոնց ընթացքին երեք ահաբեկիչներ` Նասեր Մահմուտ Պահսա, Ազզամ Ռաշետ Թալեպ եւ Սալահ Մոհամետ Ապտել Հայ անձնատուր եղան բանակին:
Մընիէի Արաման շրջանին մէջ բանակը ձերբակալեց Խալաֆ ընտանիքին պատկանող ահաբեկիչ մը, որ մաս կը կազմէր Խալետ Հապլասի ահաբեկչական խմբաւորումին:
Բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը ձերբակալած է ութ կասկածելիներ` Մընիէի մէջ գտնուող տեղահանուած սուրիացիներու գաղթակայաններուն մէջ:
Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան մօտ ձերբակալուած ահաբեկիչներուն, յատկապէս Ահմետ Սելիմ Միքաթիի խոստովանութիւնները փաստեցին, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ իսլամական էմիրութիւնը քանի մը շաբաթ ետք պիտի յայտարարուէր եւ թիրախ պիտի դարձնէր Թրիփոլիի, Մընիէի եւ Տըննիէի մէջ տեղակայուած լիբանանեան բանակի զօրամասերը:
Խոստովանութիւններուն համաձայն, Շատի Մաուլաուի, Ահմետ Միքաթի եւ Խալետ Հապլաս բանակը ներքին իմաստով պիտի քայքայէին` զինուորները կաշառելով, անոնց անջատումը ապահովելով, ապա Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ բանակին դէմ յարձակումներ գործադրելով:
Անոնք այս ձեւով պիտի ապահովէին ծովային ելք մը` Տըննիէի կողմէն եւ պիտի հարուածէին բանակը: Սակայն լիբանանեան բանակը ձախողեցուց հրէշային այս ծրագիրը:
Սայտայի մէջ բանակը շարունակեց ձերբակալումները եւ կրցաւ բացայայտել զէնք ու զինամթերք պարունակող այլ թաքստոցներ:
Բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալեց Ապտել Ռահման Հալլաքը, որ ամբաստանուած է բանակին դէմ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու յանցանքով:
Քահուաժի. «Նահատակներուն Թափած Արիւնը
Ո՛չ Սակարկութեան Եւ Ո՛չ Ալ Գաղտնի
Համաձայնութեան Պիտի Ենթարկուի»
Բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ այցելեց նահատակ սպաներ Ժիհատ Հապըրի եւ Ֆիրաս Հաքիմի բնակարանները, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց անոնց ընտանիքներուն` դրուատելով զոյգ սպաներուն զոհողութիւնները` հիւսիսային Լիբանանի մէջ ապահովութիւնը հաստատելու նպատակով:
Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ նահատակ բանակայիններուն թափած արիւնը ո՛չ սակարկութեան եւ ո՛չ ալ գաղտնի համաձայնութեան պիտի ենթարկուի` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակին դէմ յարձակողը ահաբեկիչ է եւ ուր որ ալ ըլլայ, երբ որ ալ ըլլայ պիտի հետապնդուի, ձերբակալուի ու պատժուի:

